ԱՆԽԱՓԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներով պայմանաւորուած մտահոգութիւններու մթնոլորտին մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը աշխատանք կը տանի հակամարտ կողմերու միջեւ շփում մը կազմակերպելու համար։ «ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս յառաջիկայ աշնան տեղի կրնայ ունենալ 3+2 ձեւաչափով հանդիպում մը։ Այսինքն, ռուս, ամերիկացի եւ ֆրանսացի եռանախագահներու ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեան ձեւաչափով հանդիպում մը կը նախատեսուի ներկայիս։ Թէ՛ կողմերու յարաբերութիւններէն եւ թէ քորոնաժահրի համաճարակի ընդհանուր ընթացքէն կախում պիտի ունենայ նման հանդիպումի մը կազմակերպումը։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ ամէն օր մշտական դրութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս կ՚ընթանան համանախագահներու միջեւ շփումները։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այժմ հիմնական խնդիրն է լարուածութեան թուլացումը։ Արդարեւ, իրավիճակը բաւական լարուած կը մնայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս ալ նման իրադրութեան մը մէջ յառաջ կը տարուի դիւանագիտական լուծման տարբերակներու որոնումը։ Յառաջիկայ աշնան ծրագրուած այս հաւանական հանդիպման վայրը թէեւ տակաւին որոշուած չէ, սակայն ան կրնայ տեղի ունենալ որեւէ տեղ։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն ռուսական առցանց հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ սահմանի վրայ վիճակը ընդհանրապէս թէեւ կայուն է, սակայն Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել հրադադարը։ Փաշինեան ընդգծեց, որ Մոսկուա առանցքային դեր խաղացած է սահմանի իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահներու դերակատարութիւնն ալ նպաստած է կայունացման։ Վարչապետի խօսքերով՝ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն դէմ Հայաստանի Զինեալ ուժերուն կողմէ տրուած պատասխանը անսպասելի էր շատերուն համար։

Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ ալ հերթական անգամ անդրադարձաւ սահմանի վերջին իրադարձութիւններուն։ «Եթէ Ալիեւ կ՚ըսէ, որ Հայաստանի վարչապետը պէտք է ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, ապա ո՛չ միայն ես, այլ նաեւ՝ ան կ՚ըսէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստան է», նման գրառումով մը հանդէս եկաւ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ։

Ինչպէս ծանօթ է, իշխանութեան գլուխ գալէ կարճ ժամանակ անց Նիկոլ Փաշինեան Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի մը ընթացքին ըսած էր. «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»։ Այս յայտարարութիւնը Պաքուի ղեկավարութեան բուռն բողոքին տեղի տուած էր։

ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐ

Մինչ այդ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակներու լայնածաւալ համատեղ ռազմափորձերը այսօր կը սկսին։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ անոնց նպատակն է Հայաստանի աչքը վախցնել։ Խօսքը կը վերաբերի վերջին տարիներու ամենամեծ զինավարժութիւններուն։ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս ռազմափորձերուն, որոնք կ՚իրականացուին երկու փուլով։ Մինչեւ օգոստոսի 5-ը ցամաքային զօրքերու ռազմափորձերը նախատեսուած են, իսկ յաջորդող հինգ օրերուն ալ պիտի փորձարկուին ռազմաօդային տարրերը։ Զօրավարժութիւնները կեանքի կը կոչուին թէ՛ Պաքուի եւ թէ Նախիջեւանի մէջ։

Ռազմափորձերու սկիզբի նախօրեակին, թէ՛ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ թէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ յայտարարութիւններով հանդէս եկան առկայ խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիա անտարբեր չէ մնացած տուժածներու նկատմամբ։ Լիպիոյ մէջ անպատասխան չէ թողած երկրի օրինական ղեկավարութեան համագործակցութեան կոչը։ Նոյն հասկացութեամբ Թուրքիա կը զօրակցի իր ատրպէյճանցի եղբայրներու գրաւեալ տարածքներու ազատագրման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ջանքերուն։ «Իրենք տակաւին հազար տարի, հինգ հարիւր տարի առաջուան հաշիւները չեն փակած։ Մեզմէ կ՚ակնկալեն, որ լուռ մնանք հարիւր տարի առաջուան անարդարութիւնները զարգացնելու ջանքերուն դիմաց։ Անպայման պիտի ունենանք անոնց տալիք պատասխան մը։ Ամէն պայքար կրնայ ցանկալի աւարտին չհասնիլ։ Բայց եւ այնպէս, արդէն ի սկզբանէ անձնատուր եղած է ան, որ չի պայքարիր։ Կորսնցուցած է», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը դիտել տուաւ, որ տարածքաշրջանէ եւ աշխարհէ ներս ապրուած փոփոխութիւններու ցաւերը կ՚ընկալեն որպէս ազդանշանը՝ նոր ու շնորհաբեր ծննդաբերութեան մը։ Դժբախտաբար, երկրէն ներս եւ դուրս իրենց գործելաոճը կը շարունակեն անոնք, որոնք սովոր են ձեռքբերումներու հասնելու մէջքէ վար զարնելով։

Իր կարգին, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ առցանց քննարկումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտը չարաշահած է՝ Ատրպէյճանի դէմ յարձակման անցնելով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020