ԳՐԱԴԱՐԱՆԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒՄ

Հայաստանի մարզերու եւ համայնքներու գրադարաններուն համար շուրջ վաթսուն աշխատակից վերապատրաստելու կարիք կայ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու եւ համայնքներու գրադարանավարներուն մասնագիտական նոր հմտութիւններ եւ գիտելիքներ փոխանցելու նպատակով «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանը յուլիսէն մինչեւ սեպտեմբեր կը կազմակերպէ «Գրադարանավարներու վերապատրաստման դասընթացներ» ծրագիրը: Այն կ՚իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու եւ համայնքներու գրադարաններէ ներս աշխատանք տանելու համար շուրջ 60 աշխատակիցի:

Նոր քորոնաժահրի համավարակի տարածման կանխարգիլման եւ արտակարգ դրութեան սահմանափակումներով պայմանաւորուած՝ ծրագիրը կ՚իրականացուի հեռավար ձեւաչափով:

«Գրադարանավարներու վերապատրաստման դասընթացներ» ծրագիրը սկսած է յուլիսի 13-ին Շիրակի մարզային եւ համայնքային գրադարաններու աշխատակիցներու վերապատրաստումով: Յաջորդիւ՝ դասընթացներուն կը մասնակցին Լոռիի, Արմաւիրի եւ միւս մարզերու ու համայնքներու գրադարանավարները: Դասընթացները կը վարեն Հայաստանի փորձառու եւ առաջնակարգ մասնագէտները: Ծրագրին մէջ ներառուած են գրադարանային գործի բոլոր գործառոյթներու վերաբերեալ գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ՝ համապատասխան տասներկու նիւթերով:

Ծրագրի նպատակներէն է մարզերու եւ համայնքներու գրադարաններու գրադարանավարներուն նորարարական փոխգործօն, ժամանակակից, համագործակցային գործելաոճի առանձնայատկութիւններուն ծանօթացնելը:

Այն միտուած է մարզերու մէջ գրադարանային գործի բարելաւման ու զարգացման:

«Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տօնոյեանի խօսքով՝ վարպետութեան դասերուն մասնակից գրադարանավարները վերապատրաստման դասընթացներու ընթացքին ձեռք կը բերեն գիտելիքներ, կը տիրապետեն մասնագիտական հմտութիւններու կիրառման նոր գործիքակազմին եւ աշխատաոճին: «Դասընթացի մասնակիցները ստացած գիտելիքներն ու հմտութիւնները կը փոխանցեն իրենց գործընկերներուն՝ նպաստելով գրադարանային գործի զարգացման ու արդիւնաւէտութեան», ակնկալուող արդիւնքներու մասին ըսած է գրադարանի տնօրէնը: Կը նախատեսուի ծրագիրը դարձնել շարունակական՝ ներգրաւելով բոլոր մարզերու եւ համայնքներու գրադարանավարները:

Դասընթացը կ՚իրականացուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020