ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՆՈՒԱԶԵՑԱՒ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, երեսուն օր վերջ առաջին անգամ, երէկ, Թուրքիոյ տարածքին համաճարակի զոհերու թիւը եղաւ 15։ Երկար ժամանակէ ի վեր երկրէն ներս իւրաքանչիւր օրուայ զոհերու թիւը այդ շեմէն աւելի բարձր էր։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ Թուրքիոյ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երկրէն ներս երէկ 47 հազար 500 քննութիւն կատարուեցաւ եւ ստուգուեցաւ 963 նոր վարակեալ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ նոր դէպքերու թիւը նախընթաց օրուայ բաղդատմամբ աւելցած է 64-ով։ Ըստ նախարարին, նախորդ օրուան բաղդատմամբ բարձրացած է առողջացած հիւանդներու թիւը։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ բուժուած է 1092 հոգի։ Նոյն ժամանակահատուածի տուեալներով՝ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1280 հիւանդ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներուն թիւն է 403։

Համավարակի մթնոլորտին մէջ երէկ Ֆահրետտին Քոճա եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու ունեցան խորհրդակցութիւն մը։ Մասնաւորապէս իսլամական աշխարհի մօտալուտ «Քուրպան»ի տօնի սեմին անոնք խօսեցան յառաջիկայ արձակուրդի օրերու անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցներուն մասին։ Նախարարները վերատեսութեան ենթարկեցին պատկան մարմիններուն կողմէ այս ուղղութեամբ առնուած որոշումները։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ երէկ տօնական օրերու ընդառաջ զգայնութեան կոչ ուղղեց ժողովուրդին։ Ան հերթական անգամ յորդորեց՝ դիմակ կրել, ձեռքերը լուալ եւ ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահել։ «Լաւ մը վար քաշենք նոր վարակեալներու թիւի շեմը», ըսաւ Էրտողան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020