ԼԵԶՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) Հայագիտութեան բաժնի տնօրէնուհի փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան յայտարարեց, որ արեւմտահայերէնի կենսունականացման աշխատանքը կրնայ համակերպիլ սփիւռքեան այլազանութեան հետ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Անահիտ Տօնապետեան վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Պէյրութի «Ազգակ» օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած հեռավար քննարկման։ Իր նմաններու շարքին 13-րդ այս առցանց լսարանին ժամանակ ան ներկայացուց հետաքրքրական դասախօսութիւն մը, որու նիւթն էր՝ «Կենսունակ արեւմտահայերէնի աշխարհագրութիւն»։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Փրոֆ. Տօնապետեան նախընտրեց նիւթը բանաձեւել, թէ ինչպէ՞ս խօսիլ կենսունակ արեւմտահայերէնի աշխարհագրութեան մասին: Այս ձեւակերպումով ան միեւնոյն ժամանակ հաստատեց, որ տուեալները շատ չեն այս նիւթին մասին թուային հիմնաւորումներով եզրայանգումներ կատարելու համար:

Այնուհետեւ Անահիտ Տօնապետեան յստակեցուց, որ աշխարհագրութիւնը այս պարագային սերտօրէն կապուած է ժամանակագրութեան հետ եւ բնիկ վայրերէ գաղթած ազգաբնակչութեամբ պայմանաւորուած է լեզուի կենսունակութեան խնդիրը: Տօնապետեան անդրադարձաւ աշխարհագրական միջավայրերու այս առումով ունեցած իւրայատկութիւններուն եւ բնականաբար անոնց ազդեցութեան՝ լեզուի կենսունակութեան վրայ:

Ըստ դասախօսին, Միջին Արեւելքի օսմանեան ազգերու համակարգը, արեւմտեան սփիւռքի մէջ յետցեղասպանային գործօններու այլապէս նպաստաւոր պայմաններու բացակայութիւնը, Քեպեքի մէջ երկլեզու դրութեան ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւնները՝ նշելու համար ընդհանուր համայնապատկերի կարգ մը առանցքներ, կենսունակութեան տարբեր իրավիճակներ կը ստեղծեն:

Ամբողջ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարան յաճախող շուրջ 25 հազար աշակերտութիւնը, որոշ համայնքներու նօսրացման առընթեր, կը նուազի եւ ընդհանուր միտումը հետզհետէ կը զրկէ արեւմտահայերէնը տոհմիկ հանգամանքէ:

Անահիտ Տօնապետեան լուսարձակները կեդրոնացուց նորախօսութեան, «Պըլտեան» եւ «Զարմանազան» երեւոյթներուն վրայ, որոնք յաջողած են երիտասարդ սփիւռքահայերու ստեղծագործ աշխատանքներու արտադրողականութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ներգործել:

Լեզուի կանոնարկումի եւ կենսունակացման երեւոյթներու տարբերութիւնները մատնանշելով՝ Անահիտ Տօնապետեան ընդգծեց, որ կենսունակացման աշխատանքը կրնայ համակերպիլ սփիւռքեան այլազանութեան հետ:

Դասախօսութեան յաջորդեց հարցումներու եւ տեսակէտներու ճամբով հետաքրքրական քննարկում: 53 լսարանականներ արեւելեան (Լեհաստան, Հունգարիա) եւ կեդրոնական Եւրոպայէն, Ռոստովէն, Հայաստանէն, Փաքիստանէն, Միջին Արեւելքի երկիրներէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն գոհունակութիւն յայտնեցին արդիական հնչեղութեամբ այս նիւթի մասնագիտական ներկայացման համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020