ՍԻՒՄԵԼԱՅԻ ՎԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶԱՆԳ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Յունաց Պատրիարքը նախագահ Էրտողանին հեռաձայնելով շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Սիւմելայի պատմական վանքի, Թրապզոն, յետվերանորոգութեան այցելութեան վերաբացման բերումով։ Պարթոլոմէոս Ա. երախտագիտութիւն յայտնած է Էրտողանի կողմէ այս նիւթին նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան եւ ընծայուած զօրակցութեան համար։

Զրոյցի ընթացքին Յունաց Պատրիարքը նաեւ շնորհաւորութիւններ փոխանցած է շաբաթավերջի՝ իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020