ՏՔԹ. ՌԸՆԷ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԼԻՈՆԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՎԱՐԻՉ
Կը տեղեկանանք, որ վերապատուելի տքթ. Ռընէ Լեւոնեան նշանակուած է Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռընէ Լեւոնեան Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն մին է։ Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ եւ վեց թոռնիկ։ Ան ծնած է Մարսէյլի մէջ։ Աստուածաբանական կրթութիւն ստացած է Փարիզի Աւետարանական աստուածաբանութեան համալսարանէն ներս։ Լիոնի մէջ իր առաջին հոգեւոր ծառայութիւնը կատարած է ինն տարի։ Տոքթորական թեզը շարունակած է գրել Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանէն ներս։ Քանի մը տարի վերջ ներկայացուցած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ծագման վերաբերեալ իր թեզը։
Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան աւարտած է նաեւ Լիոնի համալսարանի ընկերային հարցերու մագիստրոսութեան բաժինը։ Բաց աստի, Փարիզի մէջ, Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ֆրանսական ազգային կաճառն ալ աւարտած է։ Լիոնի համալսարանին մէջ եղած է նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան գծով մասնագէտ։ Իր ծառայութեան ամբողջ ընթացքին ապրած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ։
Հայաստանի մէջ 17 տարի եղած է Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։ Եղած է նաեւ Հայաստանի Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ, Հայաստանի Աւետարանական աստուածաբանութեան ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ։ Միջոց մը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն ներս աշխատած է որպէս խորհրդական։ Որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայութիւն մատուցած է զանազան երկիրներու մէջ. ինչպէս՝ Ուրուկուայ, Յունաստան, Գանատա եւ մանաւանդ Ֆրանսա։ Արդարեւ, Ֆրանսայի մէջ իր հոգեւոր ծառայութիւնը տարած է Լիոնի, Փարիզի եւ Վալանսի նման հայաշատ քաղաքներու մէջ։
Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան եղած է Ֆրանսայի Աստուածաշնչային ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղարը, նաեւ՝ բանտերու հոգեւոր հովիւը։ Աշխատած է որպէս՝ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ։ Լիոնի քրիստոնէական «Ռատիօ-Ֆուրվիէր»ի համահիմնադիրներէն է։ Ան ներկայիս Եւրոասիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն է։
Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան այս բոլոր փորձառութիւնով արդէն կը ստանձնէ Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը։