ՓԽՐՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ պատահած ռազմական բախումները արդէն եկան հերթական անգամ ապացուցանել, որ տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութիւնը որքան փխրուն վիճակի մը մէջ է։ 12 մայիս 2021 թուականէն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ներս եւ այս հանգամանքով պայմանաւորուած տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնել։ Սահմանային դէպքերը, որոնք վերջին շրջանին խտացան, նախընթաց օր արդէն ուղղակի փոխադարձ հրաձգութեան եւ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու վերածուեցան մանաւանդ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտեան ժամերուն տեղեկացուցին, որ վերջին բախումներուն տեղի տուած գործողութիւններէն վերջ Ատրպէյճանի զօրքերը վերադարձած են իրենց ելման դիրքերը։ Բաց աստի, երէկ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան հրադադարը վերականգնելու համաձայնութեան հասան՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներու միջնորդութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն, որպէսզի սահմանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գծին վրայ հրադադարի դրութիւնը վերականգնուի։ Այս մասին պաշտօնապէս տեղեկացուց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ «Ատրպէյճանի սադրանքի հետեւանքով սկսած մարտական գործողութիւններու ընթացքին երկուստեք կիրարկուած են հրաձգային զինատեսակներ եւ ականանետեր։ Ընդ որում, Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու կողմէ ականանետային կրակ բացուած է ի պատասխան հակառակորդի կողմէ ականներու կիրառման», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, շփման գծի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, սահմանային իրադրութիւնը կը գտնուի Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքեւ։

Այս յայտարարութենէն առաջ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ, իր հերթին, հաղորդած էր, որ Պաքու կ՚ընդունի հրադադարը վերականգնելու՝ ռուսական կողմի առաջարկը։ Ատրպէյճան մեղադրեց հայկական կողմը հրադադարը չպահպանելու մէջ ու պնդեց, որ հայկական կողմը հրասայլեր եւ ականանետեր կիրառած է։ Մարտական գործողութիւնները Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս՝ Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա, սկսած էին անցեալ գիշեր եւ շարունակուած մինչեւ երէկ առաւօտեան ժամերը։ Հայկական կողմը տեղեկացուց, որ դէպքերու հետեւանքով ունին երեք զոհ եւ երեք վիրաւոր։ Հայկական կողմը ունէր նաեւ անհետ կորսուած զինուոր մը, որ աւելի վերջ գտնուեցաւ ծանր վիրաւորեալ վիճակի մէջ։

Ըստ Մոսկուայէ հասած լուրերուն, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութիւնը երէկ օրակարգի վրայ եկաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովի ընթացքին։ Այսպէս, նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ժողովէն վերջ հրապարակած հակիրճ բացատրութիւններուն մէջ հաստատեց, որ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ Վլատիմիր Փութին քննարկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրադրութիւնը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ սահմանի վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Մոսկուա մտահոգութեամբ կ՚ընդունի սահմանի առանձին հատուածներէ ներս սրման կամ լարուածութեան որեւէ դրսեւորում։ Հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակին անդրադառնալով՝ ռուս բանբերը երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Ռուսաստան սերտ կապեր ունի թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի հետ, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ սահմանի իրավիճակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին։ Այնտեղ կը գտնուի ռուս խաղաղապահ զօրախումբը։ Ռուսաստան կը շարունակէ զգալի ներդրում ունենալ կայունութեան պահպանման, խաղաղ կեանքի հաստատման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման, ռազմագերիներու, փախստականներու վերադարձին եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման ուղղութեամբ։ Մենք կ՚աջակցինք Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան կառուցման, կը շարունակենք աշխատիլ տարածքաշրջան ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան, ՄԱԿ-ի եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մուտքը ապահովելու ուղղութեամբ»։

Բաց աստի, Զախարովա ընդգծեց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութեամբ կ՚ընդունի սահմանի առանձին հատուածներէ ներս սրման կամ լարուածութեան որեւէ դրսեւորման մասին լուրերը։ Սա ծայրայեղ բացասական անդրադարձ կրնայ ունենալ տարածքաշրջանային իրավիճակին վրայ, չի նպաստեր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան կառուցման, եւ կրնայ պատճառ դառնալ երկու երկիրներու բնակչութեան շրջանակներէն ներս չարդարացուած կորուստներու։ Մարիա Զախարովա ցաւակցութիւն յայտնեց վերջին բախումներուն ընթացքին զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բախումներու ժամանակ վիրաւորուածներուն։

«Մեր դիրքորոշումը քաջ յայտնի է։ Սահմանային դէպքերու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով։ Անհրաժեշտ է զերծ մնալ առճակատման հռետորաբանութենէ, ուժային մեթոտներէ», ըսաւ Զախարովա եւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է համակարգային քրտնաջան աշխատանք, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ փոխադարձ ընդունելի փոխզիջումներ գտնել։ Ան համոզուած է, թէ Մոսկուա Երեւանը եւ Պաքուն այս ուղղութեամբ կը տրամադրէ։ «Համոզուած ենք, թէ կայուն ապալարուածութիւն կարելի է ապահովել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման անյապաղ մեկնարկով, անոր յաջորդելիք սահմանազատումով։ Պատրաստ ենք այդ ջանքերը ամրապնդել մեր մօտ գտնուող քարտէսային տեղեկութիւններով։ Ռուսական կողմը պատրաստած է շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կրնան երկխօսութիւնը շինիչ հուն տեղափոխել։ Ներկայիս այս նիւթին շուրջ շփումները կը շարունակուին պաշտպանութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ երեք երկիրներու սահմանապահ ծառայութիւններուն գծով», ըսաւ Զախարովա։

Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի, Հայաստանի ղեկավարներու առանձին հանդիպումները Վլատիմիր Փութինի հետ՝ Զախարովա ընդգծեց, որ տարածքաշրջանային իրավիճակի խնդիրները եղած են բանակցութիւններու առանցքային նիւթը։ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները, հակառակ տարածքաշրջանէ ներս առկայ խնդիրներու դժուար եւ ծաւալուն ըլլալուն, հաստատած են տրամաբանական լուծումներ գտնելու իրենց վճռականութիւնը, արտայայտած են իրենց վճռականութիւնը հետեւողական եւ համապարփակ իրականացնելու նախորդ տարուայ եւ այս տարեսկիզբի համաձայնագրերը կեանքի կոչելու համար», ըսաւ Զախարովա։

Հուսկ, ռուս բանբերը ընդգծեց, որ Մոսկուա ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ աշխատանքային եռակողմանի խումբի գործունէութեան վրայ։ Այդ խումբը արդէն քննարկումներու քանի մը փուլ իրականացուցած է։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկային աշխատանքային խումբը կը կարողանայ վերսկսիլ հանդիպումները։ Սա հնարաւորութիւն պիտի տայ անցնիլ համատեղ ենթակառուցուածքային նախագծերու փուլային իրականացման, ինչ որ կը բխի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի շահերէն», եզրափակեց ան։

Սահմանի վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը միջազգային յառաջատար դերակատարներու անմիջական արձագանգին կ՚արժանանայ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Երեւանի մօտ դեսպանը՝ Ճոնաթան Լաքոթն ալ երէկ հանդէս եկաւ սահմանային վերջին բախումներուն վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ Ֆրանսացի դեսպանը յայտնեց, որ Փարիզ մտահոգուած է Հայաստանի սահմանային անվտանգութեան համար։

Ֆրանսայի արձագանգին առընթեր, երէկ ՄԱԿ-ն ալ մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած դէպքերուն կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս ընդդիմադիր շրջանակներէ քաղաքական վերլուծաբաններ այս փուլին կը շարունակեն երկրի իշխանութիւնները բուռն քննադատութեան առարկայ դարձնել։ Սահմանի վրայ ծաւալած բախումներէն վերջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ օրուան տեւողութեան լռութիւն կը պահէր, ինչ որ ինքնին ուշադրութեան առարկայ հանգամանք մըն էր։ Ըստ ընդդիմադիր վերլուծաբաններու, ներկայ դէպքերէն կարելի է հետեւցնել, որ բանակցային սեղանի վրայ կը գտնուի փաստաթուղթ մը եւ իրեն տեսակէտէ ցանկալի արդիւնքը ապահովելու համար Ատրպէյճան սահմանային լարուածութիւն կը հրահրէ։ Հայկական կողմը պէտք է պատրաստ ըլլայ բոլոր վարկածներուն։ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումները մինչ այս ծիրին մէջ կը մեկնաբանուին, ընդհանրապէս լրահոսի վրայ քննադատութիւններ կը նկատուին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած անգործութեան բերումով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 29, 2021