ԲԱՑ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հարաւային Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան գագաթաժողովն ու նոյն շրջանակէն ներս կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը վերջին օրերուն միջազգային օրակարգի վրայ առաջնահերթ տեղ զբաղեցուցին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եիի միջեւ տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումը այս ամբողջին մէջ անմիջական ուշադրութիւն գրաւեց։ Անոնք շօշափեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, նաեւ տարածաշրջանային կամ միջազգային բնոյթով հարցեր։ Զրոյցը տեւեց շուրջ մէկ ժամ քսան վայրկեան։ Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքի տարակարծութիւններու լոյսին տակ՝ անոնք կարեւորեցին բաց հաղորդակցութեան միջոցներ ունենալը։ Վանկ Եի Էնթընի Պլինքընի նկատառման յանձնած է, որ ԱՄՆ սխալ ընկալում մը ունի Չինաստանի պարագային։ «Չինաստանը ԱՄՆ չէ ու չի փափաքիր ԱՄՆ ըլլալ», ըսած է ան։

Իր կարգին, Էնթընի Պլինքընն ալ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Չինաստանի կողմէ Ռուսաստանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Պետական քարտուղարը նշեց, որ Չինաստան Եւրոպայի անվտանգութեան ուղղեալ սպառնալիքին կապակցութեամբ պէտք է շարժման անցնի, այլապէս ԱՄՆ այդ բանը ընելու համար պիտի շարունակէ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնել։

Պլինքըն այս գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս յայտարարեց, որ ԱՄՆ Ասիոյ եւ Եւրոպայի երկիրներուն հետ կը համագործակցի՝ անոնց անվտանգութիւնը համարելով անբաժանելի։

Միւս կողմէ, Լաոսի մայրաքաղաքը՝ Վիենթիանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի օրերուն արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2024