ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Ռիզէ այցելութեան ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս Թուրքիոյ հասած կէտին վրայ։ Այս ծիրէն ներս ան վճռական յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ Իսրայէլի դէմ՝ Կազզէի պատերազմի լոյսին տակ։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ պաշտպանական բնագաւառէն ներս հիմնովին փոխուած է Թուրքիոյ ներածման ու արտածման յարաբերակցութիւնը։
«Մենք պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլ Պաղեստինի դէմ այս բոլորը չընէ։ Մենք ինչպէս որ Ղարաբաղ մտանք, ինչպէս որ Լիպիա մտանք, նմանը նոյնութեամբ անոնց ալ կ՚ընենք։ Չընելու համար ոչինչ կայ։ Մենք պարզապէս հզօր պէտք է ըլլանք, որպէսզի այս քայլերը առնենք», ըսաւ Էրտողան։
Թել Աւիւէն բուռն բողոք հնչեց նախագահի յայտարարութիւններուն դէմ։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որ շատ ծայրայեղական էր եւ այնտեղ պնդեց, որ Էրտողան կ՚ընթանայ Սատտամ Հիւսէյինի ճանապարհով, կը սպառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակելով ու կրնայ նոյն ճակատագիրը ունենալ։
Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Կազզէի տագնապին շուրջ Հռոմի մէջ բանակցութիւններ սկսած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի, Եգիպտոսի եւ Քաթարի՝ հետախուզական ոլորտի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։