«ՄԻՈՒԹԻՒՆ 2015. ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՄՐՑՈՅԹ-ՀԱՒԱՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ
«Միութիւն 2015. յաղթանակի ժառանգորդները» ռազմամարզական հաւաքի եզրափակիչ միջոցառումը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ նախապէս ալ այցելութիւն մը տուած էր այս հաւաքի մասնակիցներու ճամբարին։ Ձեռնարկի ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր, տեղի ունեցաւ հրավառութիւն եւ հաւաքի մասնակիցները վառ տպաւորութիւնով թեւակոխեցին հրաժեշտի հանգրուան։ Երեկոյթի ընթացքին Սէյրան Օհանեանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, նաեւ կատարեց պարգեւատրումներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին Սէյրան Օհանեան կարեւորեց սոյն ուսումնամարզական հաւաքին Հայաստանի մէջ կազմակերպուիլը։ Նախարարը զանգուածային լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտնեց, որ գոհ է արդիւնքներէն։ «Ամենակարեւորը այն է, որ մրցումները տեղի ունեցան բարեացակամ մթնոլորտի մը մէջ, յաղթեցին միասնութիւնն ու բարեկամութիւնը։ Բազմիցս կրկնած եմ, որ իմ եւ իմ նախորդ սերնդակիցներու ձեռք բերած արժէքները պէտք է փոխանցուին ապագայ սերունդներուն, որպէսզի ձեռքբերումներն ու յաղթանակները ապարդիւն չըլլան։ Այս առումով սոյն հաւաքը վառ վկայութիւններէն մին է։ Շատ կարեւոր է, որ պատանիները ստացան նաեւ ռազմական գիտելիքներ, շփուած են իրարու հետ, ճանչցած են նոր մարդիկ ու նոր երկիրներ», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։
Ձեռնարկի ընթացքին մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչները հանդէս եկան մշակութային ելոյթներով, պարերով ու թատերակներով։
«Միութիւն 2015. յաղթանակի ժառանգորդները» հաւաքը ձօնուած էր Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 70-ամեայ յոբելեանին։