ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՇՐՋԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն վաւերացուց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին կողմէ իրեն ներկայացուած ժամանակաւոր կառավարութեան կազմը։ Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ այս ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորուիլը կը նկատուի կարեւոր հանգրուան մը։ Էրտողան նախագահական պալատին մէջ երէկ երեկոյեան տեսակցեցաւ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ եւ վաւերացուց անոր կողմէ ձեւաւորուած առժամեայ նախարարաց խորհուրդը։ Հանրապետութեան նախագահէն հրաժեշտ առնելէ վերջ Ահմէտ Տավուտօղլու անցաւ Չանքայայի ապարանքը, ուր հրապարակեց նոր նախարարներուն անունները։ Այսպէս, նախընտրական դահլիճին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Ահմէտ Տավուտօղլու (վարչապետ), Նուման Քուրթուլմուշ (փոխ-վարչապետ), Եալչըն Աքտողան (փոխ-վարչապետ), Ճեւտէթ Եըլմազ (փոխ-վարչապետ), Թուղրուլ Թիւրքէշ (փոխ-վարչապետ), Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու (արտաքին գործոց նախարար), Քենան Իփէք (արդարադատութեան նախարար), Այշէն Կիւրճան (ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութիւններու նախարար), Ալի Հայտար Քոնճա (Եւրոմիութեան գծով նախարար), Ֆիքրի Ըշըք (ճարտարարուեստի նախարար), Ահմէտ Էրտէմ (աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարար), Իտրիս Կիւլլիւճէ (բնապահպանութեան նախարար), Նիհատ Զէյպէքճի (տնտեսութեան նախարար), Ալի Ռըզա Ալապոյուն (ուժանիւթի նախարար), Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ (մարմնամարզի նախարար), Քուտպետտին Արզու (երկրագործութեան նախարար), Ճենափ Աշճը (առեւտուրի նախարար), Սելամի Ալթընօք (ներքին գործոց նախարար), Միւսլիւմ Տողան (զարգացման նախարար), Մեհմէտ Շիմշէք (ելմտական նախարար), Նապի Ավճը (ազգային կրթութեան նախարար), Վէյսէլ Էրօղլու (անտառներու նախարար), Մեհմէտ Միւէզզինօղլու (առողջապահութեան նախարար), Ֆերիտուն Պիլկին (հաղորդակցութեան նախարար)։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ նախարարաց խորհուրդին կազմը հանրապետութեան նախագահին ներկայացնելէ առաջ կուսակցական հաւաքոյթի մը ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նոր նախարարաց խորհուրդի գործունէութեան։ Ըստ իրեն, կառավարութիւնը թէեւ ունի ժամանակաւոր բնոյթ, սակայն այնպէս մը պիտի աշխատի, որ կարծես, թէ չորս տարուան համար ձեւաւորուած ըլլար։
Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Տավուտօղլու այս հանգամանքը ընդգծած է շեշտադրելու համար, թէ կառավարութիւնը պիտի աշխատի կարգապահութեամբ, տկարութեան մը տեղի պիտի չտայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ ու պիտի կանխէ նաեւ տնտեսական կեանքէ ներս հաւանական վերիվայրումները, որոնք միջոցէ մը ի վեր մտահոգութիւն կը պատճառեն գործարար աշխարհին։