«Կինէս»Ի Մրցանիշ՝ Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերուն Նուիրուած

Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ ազ­գու­թեամբ ե­զի­տի մար­զիկ Մա­նուէլ Մա­մո­յեան, 25 Օ­գոս­տո­սին, «Կի­նէս»ի նոր մրցա­նիշ սահ­մա­նեց՝ զայն նուի­րե­լով ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին ան­մա­հա­ցած հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին: Մա­նուէլ Մա­մո­յեան երկ­րորդ փոր­ձին կրցաւ 1 վայր­կեա­նի մէջ բռունցք­նե­րուն վրայ 86 ան­գամ կա­տա­րել յե­նում-ծա­լում վար­ժու­թիւ­նը՝ նոր մրցա­նիշ սահ­մա­նե­լով: Միւս կող­մէ, նա­խորդ մրցա­նի­շը կը պատ­կա­նի Գա­նա­տան ներ­կա­յաց­նող Ռոյ Պեր­կե­րին՝ 84 ան­գամ: Վեր­ջինս այս մրցա­նի­շը սահ­մա­նած էր 18 Յու­նի­սին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2016