ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Սեփական լրատուութիւն.-
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին կողմէ կազմակերպուած ամառնային ճամբարը եզրափակուեցաւ եւ այդ ծրագրին մասնակցած պոլսահայ երիտասարդները շաբաթավերջին վերադարձան քաղաքս։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս ճամբարը մաս կազմեց «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի արեւմտահայերէնի խրախուսման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երիտասարդներ Լիզպոնի մէջ համախմբուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։ Ճամբարին նպատակն էր՝ աշխատանք տանիլ հայկական Wikipedia մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ։ Երիտասարդներու ծաւալած գործունէութիւնը վերահսկեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան, նոյն բաժնի կրթական ծրագրերու պատասխանատու Անի Կարմիրեան եւ «Ուիքիմետիա» կազմակերպութենէն Ազնիւ Ստեփանեան։ Ճամբարի օրերուն նախատեսուած աշխատանքին առընթեր մասնակիցները ընկերային գործունէութիւններու ալ մասնակցեցան։ Բոլոր երիտասարդներուն համար առանձնապէս հետաքրքրական էր՝ տեսնել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Լիզպոնի կեդրոնի ընդարձակ համալիրը։ Այս վերջինը հիմնարկի բազմակողմանի գործունէութեան սիրտը կը հանդիսանայ ու կ՚ընդգրկէ նաեւ թանգարանի բաժին մը, որու երդիքին տակ կը ցուցադրուին Կիւլպէնկեանի աշխարհահռչակ հաւաքածոյի ընտիր նմոյշները։
Սփիւռքի զանազան համայնքներէն եւ Հայաստանէն Լիզպոն մեկնած երիտասարդները ճամբարի ծրագրի աւարտին իրարմէ հրաժեշտ առին վառ տպաւորութիւններով եւ նոր ծանօթութիւններ մշակած ըլլալու ուրախութեամբ։ Ճամբարի բոլոր մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, որոնք ալ իրենց հերթին գնահատեցին անոնց կողմէ տարուած աշխատանքը։