ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի ծան­րակ­շիռ քայ­լե­րով։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ սկսած այս գոր­ծո­ղու­թեան ա­ռա­ջին շօ­շա­փե­լի ար­դիւն­քը ե­ղաւ Ճե­րապ­լու­սի ա­զա­տագ­րու­մը։ Մինչ Ի­ՇԻՊ սկսաւ խոյս տալ դէ­պի հա­րա­ւի շրջան­նե­րը, «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւնն ալ ուղ­ղուե­ցաւ նաեւ դէ­պի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շար­քե­րը։ Ազ­դու ռմբա­կո­ծում­նե­րով Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը լուրջ հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցին ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին, որ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան Սու­րիոյ շա­ռա­ւիղն է։ Ճե­րապ­լու­սի մեր­ձա­կայ­քին ԵՓԿ-ի կող­մէ թրքա­կան եր­կու հրա­սայ­լեր թի­րախ ընտ­րուե­ցան շա­բա­թա­վեր­ջին։ Թուրք զի­նուոր մը նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Այս ի­րա­դար­ձու­թե­նէն վերջ բա­նա­կի ծան­րակ­շիռ քայ­լե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան ա­հա­բեկ­չա­կան լծակ­նե­րուն դէմ Ֆ-16 ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րուն եւ թնդա­նօթ­նե­րով կա­տա­րուած ռմբա­կո­ծում­նե­րով։ 25 ԵՓԿ-ա­կան­ներ չէ­զո­քա­ցուե­ցան։

Ի­ՇԻՊ-ի ազ­դե­ցու­թեան սահ­մա­նա­փակ­ման ա­ռըն­թեր՝ Թուր­քիոյ ա­ջակ­ցու­թեամբ դաշ­տի վրայ ա­ռա­ւե­լու­թիւն կ՚ար­ձա­նագ­րէ նաեւ Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը։ Վեր­ջին հինգ օ­րուան ըն­թաց­քին շուրջ 46 գիւղ մաք­րա­գոր­ծուած է Ի­ՇԻՊ-էն ու ԵՓԿ-էն եւ այդ բո­լո­րը ան­ցած են Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կի հա­կակշ­ռին տակ։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով որ­դեգ­րուած նոր նպա­տակն է Մեն­պի­չի ա­զա­տագ­րու­մը։ Նոյն­պէս Թուր­քիոյ սահ­մա­նա­մերձ այս քա­ղա­քը ներ­կա­յիս կը գտնուի ՓԵՏ-ի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ։ Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար­նե­րէն մին այս նոր նպա­տա­կին շուրջ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուած է «Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Ար­դա­րեւ, Մեն­պիչ կը գտնուի Եփ­րա­տի ա­րեւ­մուտ­քին։ Ըստ այդ հրա­մա­նա­տա­րին, փո­խա­նակ գե­տի ա­րե­ւել­քը վե­րա­դառ­նա­լու՝ ՓԵՏ կը փոր­ձէ իր դիր­քե­րը ամ­րապն­դել Մեն­պի­չի մէջ։ Սա է պատ­ճա­ռը, որ Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը կը ձգտի ձեռք ան­ցը­նել Մեն­պի­չի հա­կակ­շի­ռը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կի զօր­քե­րը ձեռք ան­ցու­ցած են նաեւ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի կարգ մը զի­նա­նոց­նե­րը ու գե­րե­վա­րած՝ ա­նոր շարք մը ան­դամ­նե­րը։

ՃՈՆ ՔԵՐԻ ԵՒ ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ժը­նե­ւի մէջ, ուր քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի առ­կայ վի­ճա­կը։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, թէեւ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա այս խնդրին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան բա­ւա­կան մօտ ըլ­լալ կը թուին, սա­կայն Քե­րի-Լաւ­րով տե­սակ­ցու­թիւ­նը չէ ու­նե­ցած յստակ ար­դիւնք մը։

Սկզբուն­քա­յին հար­թու­թեան վրայ ԱՄՆ եւ Ռու­սաս­տան հա­մա­միտ են Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի վե­րա­հաս­տատ­ման, մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի պա­րա­գա­յի մար­դա­սի­րա­կան կա­ցու­թեան բա­րե­լաւ­ման եւ պա­տերզ­մին վերջ տա­լու հե­ռան­կա­րով՝ կող­մե­րու վերս­տին բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ նստե­լուն ուղ­ղու­թեամբ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կանգ ա­ռին նաեւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ հա­սա­րա­կաց պայ­քա­րի հար­ցե­րուն վրայ։ Սկզբուն­քա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նով հան­դերձ, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը շօ­շա­փե­լի յա­ռա­ջըն­թա­ցի մը շուրջ յա­ջո­ղու­թեան չհա­սան։

Ժը­նե­ւի մէջ Ճոն Քե­րի խօ­սե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ կող­մէ Ճե­րապ­լու­սի մէջ ձեռ­նար­կուած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան ընդգ­ծեց, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը կը պաշտ­պա­նէ Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ «Մենք չենք պաշտ­պա­ներ քրդա­կան ան­կախ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը։ Ա­նոնց կարգ մը տար­րե­րուն հետ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցինք սահ­մա­նա­փակ ձե­ւով, սա­կայն կը հասկ­նանք մեր բա­րե­կամ Թուր­քիոյ զգայ­նու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Ճոն Քե­րի։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ զօ­րա­վար Լէո­նիտ Ի­վա­շով Մոս­կուա­յի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ըստ ի­րեն, Փու­թին եւ Էր­տո­ղան չեն կրցած հա­մա­ձայ­նիլ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թեան շուրջ եւ Մոս­կուա հա­ւա­նու­թիւն չէ տուած այդ քայ­լին։ Բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կա­նը հեր­քեց նաեւ մա­մու­լին մէջ ար­ձա­գանգ գտած լու­րե­րը, ըստ ո­րոնց Էր­տո­ղան եւ Փու­թին հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած են Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծո­վ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2016