ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԸ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին պար­գե­ւատ­րեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս ղե­կա­վա­րի կար­գադ­րու­թեամբ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նին շնոր­հուե­ցաւ «Բա­րե­կա­մու­թեան» շքան­շան։ Այս պար­գե­ւատ­րու­մը կը կա­տա­րուի՝ Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նին կող­մէ բե­րուած մեծ ներդր­ման հա­մար։

Նալ­պան­տեա­նին ա­ռըն­թեր Վլա­տի­միր Փու­թին նոյն պար­գե­ւը շնոր­հեց նաեւ Չի­նաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հա­մա­չի­նա­կան ժո­ղո­վի մշտա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Չժան Տեց­զիա­նին եւ Լաո­սի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Փա­նի Եաթ­ղո­թին։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2016