ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ճանապարհը կ՚անցնի Պաղեստինի անկախ պետականութեան հիմնադրումէն։

Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս հիւր ղեկավարը ընդունուեցաւ զինուորական արարողութեամբ։ Էրտողան եւ Ապպաս առանձնազրոյցէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք աւելի վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ տարածքաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ճանապարհը կ՚անցնի Պաղեստինի անկախ պետականութեան հիմնադրութենէն եւ Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ՝ համապատասխան լուծման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները խոչընդոտելու։ Էրտողան համոզուած է, որ երկու պետութիւններու հիման վրայ լուծումի մը ապահովուիլը միջազգային հաւաքականութեան Պաղեստինի նկատմամբ պատմական պարտականութիւնն է։ Տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան բարձրացումը օգուտ չի բերեր ոեւէ մէկուն համար։ Թուրքիա պատրաստակամ է խրախուսելու համար ջանքերը՝ խաղաղութեան գործընթացի վերակենդանացման նպատակով։

Երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ այլեւս չեն փափաքիր Երուսաղէմի օրակարգի վրայ գալը՝ բախումներով, արիւնով եւ արցունքներով։ Թուրքիա պիտի շարունակէ Պաղեստինի պետականութեան ճանաչման համար ջանքեր գործադրելու։

Իր կարգին, Մահմուտ Ապպասն ալ կարեւորեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։ Ան Պաղեստինէ ներս կեանքի կոչուած զանազան ծրագրերու իրականացման կապակցութեամբ արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017