ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայաստանի, Վրաստանի եւ աշխարհի մէջ կրօնի կամ համոզումի ազատութեան արդի հիմնախնդիրները» խորագրեալ համաժողով մը։ Հայաստանէ եւ Վրաստանէ պետական պաշտօնեաներու, հոգեւորականներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու առընթեր այս համաժողովին մասնակցեցան յայտնի մասնագէտներ՝ Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, Հոլանտայէն, Ռուսաստանէն եւ Նորվեկիայէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տարածքաշրջանային բնոյթով այս ձեռնարկին հիմնական նպատակն էր ի յայտ բերել խղճի ազատութեան, կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան իրաւական կարգաւորումներուն վերաբերեալ հարցերը։ Քննարկումներ ծաւալուեցան այս ոլորտի միջազգային չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական լուծումներուն շուրջ, որոնք կրնան վերաբերիլ տարածքաշրջանին։ Օտար մասնագէտներն ալ դիտել տուին, որ կրօնի եւ հաւատի ազատութեան բնագաւառին մէջ կան խոշոր մարտահրաւէրներ։
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները մատնանշեցին, որ երկրի օրէնսդրութեան մէջ այս որորտի պարագային անհրաժեշտ են որոշ թարմացումներ։ Մտքի, կրօնի, խղճի ազատութեան օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն մէջ թէեւ կ՚ակընկալուին փոփոխութիւններ, սակայն ո՛չ յեղափոխական համեմատութիւններու մէջ։ Նախարարութեան ներկայացուցիչները համաժողովի ընթացքին անդրադարձան նաեւ Վրաստանի հայ համայնքի եկեղեցական սեփականութեան եւ այլ խնդիրներու։ Անոնք վստահութիւն յայտնեցին, թէ այդ խնդիրները պիտի լուծուին եւ այդ լուծումներուն ուղղութեամբ կարեւորեցին վրացական իշխանութիւններու շինիչ մօտեցումը։ Խնդիրներու յաղթահարման համար հարկաւոր է հայկական եւ վրացական կողմի համապատասխան հետեւողական աշխատանքը։ Թէեւ հարցադրումներ կ՚ըլլան եկեղեցական սեփականութեան եւ այլ հարցերու վերաբերեալ, սակայն հայկական կողմը համոզուած չէ, որ անոնք ունին սկզբունքային բնոյթ։ Արդարեւ, բարիդրացիական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին այս երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ եւ այդ յարաբերութիւնները հայկական կողմը կը մղեն այն ենթադրութեան, որ նման կարգի խնդիրները վաղ թէ ուշ պիտի գտնեն իրենց լուծումը։