ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինութեան աշխատանքները միշտ կը ներկայացնեն առաջնահերթութիւն եւ կառավարութեան կողմէ կը դասուին նախապատուութիւններու շարքին։ Այս ամբողջին մէջ միշտ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի կառուցումը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար Աշոտ Յակոբեան վերջերս զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն բացատրութիւններ տուաւ այս մայրուղիի շինարարութեան ընթացքին շուրջ։ Նախարարը դժուարացաւ ժամկէտներ նշել, թէ ե՛րբ աւարտին կը հասնի այս մայրուղիի շինարարութիւնը։ Լրագրողներու եւ շահագրգիռ հասարակութեան կազմակերպիչներու ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուելու ժամանակ նախարարը յիշեցուց, որ այս մեծ ծրագիրը կը բաղկանայ հինգ ենթածրագրէ, որու իւրաքանչիւրը կը վերաբերի վիթխարի մայրուղիի հատուածներուն կամ շերտերուն։ Երեք հատուածներու պարագային շինարարութիւնները սկսած են եւ չորրորդ հատուածի միայն մէկ բաժնին համար գանձատրում գոյութիւն ունի։ Մնացեալի պարագային միջոցները ստոյգ չեն հարիւր տոկոսով։ Հետեւաբար, այս իրավիճակին մէջ դժուար է ժամկէտ կանխատեսել շինարարութեան վերջնական աւարտին համար։ Նախարարը ընդգծեց, որ ժամանակին նախատեսուած այս ճանապարհը կարեւոր նշանակութիւն ունէր ամբողջ պետութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, «Հիւսիս-հարաւ»ը ռազմավարական նշանակութեամբ ճանապարհ մըն է։ Նախարարը ընդգծեց, որ նոր կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ տրամաբանականօրէն այս ծրագիրը աւարտին հասցնելու համար։

Աշոտ Յակոբեանի խօսքով՝ այս մայրուղիի շինարարութեան գանձատրումը կ՚իրականացուի Ասիական զարգացման դրամատան, Եւրոպական ներդրումային դրամատան եւ Եւրոասիական կայունացման ու զարգացման դրամատան կողմէ։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախարար Աշոտ Յակոբեան մատնանշեց նաեւ, որ «Հիւսիս-հարաւ» ծրագրով կառուցուած ճանապարհահատուածներուն նախկին ու ներկայ թերութիւնները վերացնելու նպատակով յատուկ դիտարկում մը պիտի իրականացուի։ Ըստ նախարարին, ճանապարհի որակին համար առհասարակ պատասխանատու պիտի նկատուին շինարարները։

Միւս կողմէ, հաւանական է, որ այս մայրուղիի կարգ մը հատուածները ըլլան վճարովի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018