ՍԽԱԼՆԵՐԸ ՈՒՂՂԵԼ

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան յայտնեց, որ իր նպատակն է Հայաստանը դարձնել հայ ժողովուրդի երազանքներու երկիրը։ Իշխանափոխութենէն ի վեր ամբողջ հայաշխարհի օրակարգին վրայ է երկրի արդարադատական համակարգի բարեփոխումը։ Արտակ Զէյնալեանի կողմէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ վերջերս լոյս տեսած հետեւեալ հարցազրոյցը կարեւոր բանալիներ կը մատուցէ այս առումով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ Արտակ Զէյնալեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը։

-Արդարադատութեան նախարար նշանակուեցաք ձե՞ր ցանկութեամբ, թէ՞ այդ պաշտօնը ձեզի առաջարկուեցաւ։

-Նախապէս Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր էի։ 2017-ի խորհրդարանական եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն դաշինքով հանդէս եկանք՝ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր», Էտմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ Արամ Սարգսեանի «Հանրապետութիւն» կուսացութեանց հետ։ Երբ արդէն յեղափոխութիւնը իրողութիւն եղաւ, Փաշինեանի ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մէջ վարչապետի առաջարկով Արդարադատութեան նախարար նշանակուեցայ։ Ես ժողովուրդի առջեւ պարտքի եւ տուրքի պատասխանատւութեամբ ստանձնած եմ այս պաշտօնը։ Ըսեմ, որ երբեք չեմ երազած նախարար ըլլալ եւ այս պարտականութիւնը բացառապէս կ՚ընկալեմ որպէս ծառայութիւն՝ յանուն ժողովուրդի եւ պետութեան։

-Իսկ քաղաքական պայքարը ձեզի համար նպատա՞կ եղած է։

-1998-99 թուականէն սկսեալ միշտ քաղաքական պայքարի մէջ եղած եմ։ 99 թուականին Վազգէն Սարգսեան առաջարկեց ըլլալ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ, նկատի ունենալով, որ մասնագիտութեամբ բժիշկ եմ եւ առողջապահական հարցերու կազմակերպիչ։ Երբ ես մերժեցի, ան ըսաւ՝ «սա զօրակոչ է եւ ծառայութիւն»։ Ուրեմն ընդունեցի այդ առաջարկը։ Իմ նպատակն է Հայաստանը դարձնել մեր ժողովուրդի երազանքներու երկիրը եւ ատոր համար պատրաստ եմ պայքարիլ եւ զրկանքներ կրել։

-Որո՞նք են այսօր արդարադատութեան նախարարութեան առաջնահերթութիւնները։

-Նախ ըսեմ, որ արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայ են քրէակատարողական համակարգը՝ բանտերը, իսկ անոր պատասխանատուութիւնն է՝ քրէական քաղաքացիական դատական աքթերու իրականացումը, որ վերջերս կը կատարէ նաեւ վարչական ոչ-դատական աքթերը։ Այս նախարարութեան համակարգման տիրոյթին մէջ կը գտնուին նաեւ փաստաբանութիւնը, սեփականութեան ու իրաւաբանական անձանց գրանցումները եւ մի շարք այլ ոլորտներ։ Չափազանց ընդարձակ դաշտ է։

Իսկ առաջնահերթութիւնները հետեւեալներն են. նախ պէտք է երկիրը ձերբազատենք կաշառակերութենէն եւ ստեղծենք արդար ու իրաւական համակարգ։ Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը միջազգային դատարաններու մէջ կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը, որ ինքնին առանձին ծանրակշիռ ոլորտ մըն է, որու պատասխանատուն նախարարութիւնն է։

-Խորհրդարանական վարչաձեւ անցումով արդեօք ներքին փոփոխութիւններու բարելաւման, կատարելագործման պահանջներ ներկայացա՞ն։

-Ի հարկէ։ Քրէակատարողական համակարգը սկզբունքային փոփոխութիւններու կարիք ունի։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պէտք է ապահովենք շարք մը իրաւունքներ։ Միջազգային ատեաններու մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու հետ վէճերու ընթացքին՝ մեր պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը պէտք է ինչ-որ չափով վերանայինք, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային իշխանութիւնը, պետական մարմինները մեր քաղաքացիներու՝ Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքները շատ խախտած են։ Իսկ ամենէն կարեւորը՝ մենք պէտք է ապահովենք ընտրութիւններով իշխանափոխութեան իրաւունքը, այսինքն ըլլան այնպիսի ընտրութիւններ, որոնց հաւատք ընծայէ գերակշռող մեծամասնութիւնը եւ նոյնիսկ պարտուողները հաւատան արդիւնքներուն։

-Ուրեմն կայանալիք արդար ընտրութիւններու ապահովո՞ւմն ալ կ՚իյնայ արդարադատութեան նախարարութեան պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ։

-Ընտրական օրէնսգրքի նախագիծը պիտի իրականացուի արդարադատութեան նախարարութեան գործօն մասնակցութեամբ։

-Հայաստանի մէջ արդարադատական համակարգը ձեր ղեկավարած նախարարութենէն անկախ համակարգ մըն է, որ ունի իր ուրոյն ինքնավար կառոյցները։ Նկատի ունենալով որ այս կառոյցներու ղեկավարները նախկին իշխանութեան կողմէ նշանակուած են, ինչպէ՞ս կարելի է երաշխաւորել անոնց անկախ գործունէութիւնը։

-Արդարադատութեան համակարգը իշխանութեան առանձին մէկ ճիւղն է եւ անոր իշխանութեան աղբիւրն ալ՝ անմիջականօրէն ժողովուրդն է։ Ինչպէս օրինակ՝ կառավարութիւնը կ՚ընտրուի Ազգային ժողովի կողմէ, սակայն ինք առանձին իշխանութեան մէկ ճիւղն է։

-Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, թէ դատական համակարգին մէջ այլեւս «հեռախօսազանգեր» պիտի չըլլան։ Սակայն ատիկա չ՚արգիլեր որ ուրիշ տեղերէ «հեռախօսազանգեր» գան։ Դուք ինչպէ՞ս կ՚ապահովէք այս համակարգին անկախութիւնը։

-Կառուցակարգային տեսակէտէ դատարանները խնդիր չունին եւ ան կը համապատասխանէ ժամանակակից պետութեան եւ միջազգայնօրէն ընդունուած ձեւի կառուցուածքին։ Հարցը այս համակարգի անկախութիւնը գործնականօրէն ապահովելն է։ Վարչապետի նշեալ յայտարարութեան ակունքներուն մէջ ես ալ կանգնած եմ։ Նաեւ յայտարարուած է, որ ո՛չ միայն մենք չենք կրնար զանգահարել դատաւորներուն՝ լուծումներ տալու կարգի մասին, այլ նաեւ թոյլ չենք տար որ ոեւէ մէկը զանգահարէ։

-Բայց ինչպէ՞ս կարելի է վերահսկել այդ աշխատանքը։

-Եթէ կասկածներ ունենանք, ապա իրաւապահ մարմինները իրաւունք կ՚ունենան իրենց իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ այդ գործին հետեւիլ։ Նոր օրէնքներու համաձայն՝ դատաւորները նաեւ պարտաւոր են նմանատիպ «զանգեր»ու պարագային տեղեակ պահել համապատասխան մարմինները։ Նաեւ կան ներդրուած շարք մը «հակակաշառակերութեան» մեքենականութիւններ, որոնք պիտի երաշխաւորեն, որպէսզի նման դէպքերը բացայայտուին։

-Ձեր կարծիքով դատաիրաւական համակարգը կուսակցականացա՞ծ է։

-Ֆորմալ (ձեւական) իմաստով՝ ո՛չ։ Մենք չունինք կուսակցական դատաւորներ, սակայն շարք մը դատաւորներ՝ հանրապետութեան նախագահի կողմէ նշանակուած ըլլալու ուժով, որոշակիօրէն կրնան ընկալուիլ որպէս «միջնորդաւորուած կուսակցական նշանակում», ինչպէս օրինակ՝ Սահմանադրական դատարանի անդամները եւ դատաւորները։ Սահմանադրութենէն բխած նոր համակարգը ընտրութիւններու մեքենականութիւն կ՚ենթադրէ։ Մենք կը փորձենք հնարաւոր չափով այդ ընտրութիւնները դարձնել մասնագիտական, որ անկախ պիտի ըլլայ կուսակցական շահերէ։ Անշուշտ, դատական համակարգին մէջ աշխարհի վրայ դժուար է գտնել քաղաքական կողմնորոշումներէ անկախ նշանակումներ։ Այդուհանդերձ, մենք պիտի փորձենք ըլլալ այդ համակարգի առաջատարներէն մէկը։

-Դատաիրաւական համակարգին մէջ դուք նշեցիք կարեւոր կառոյցներու ղեկավարներու նշանակումներու պարագան։ Վերջին հաշուով այդ ղեկավարները նախկին իշխանութեան կողմէ նշանակուած են։ Արդեօք անոնք չե՞ն խանգարեր ձեր գործունէութիւնը։

-Դատական իշխանութեան անկախութեան երաշխիքներէն մէկը՝ դատաւորի պաշտօնավարումն է մինչեւ կենսաթոշակի տարիք, ինչ որ շատ կարեւոր սկզբունք է։ Մենք դատաւորները փոխելու դէպքին խախտած կ՚ըլլանք արդար դատաքննութեան իրաւունքը, միջազգային մեր պարտաւորութիւնները եւ սահմանադրութիւնը։ Հետեւաբար մենք ուղղակիօրէն ատոր մասին չենք կրնար մտածել։ Անշուշտ կարելի է խորհիլ դատական համակարգը թարմացնելու մասին, պայմանով որ չխախտենք սկզբունքները։

-Խօսքս դատաւորներու մասին չէր, այլեւ անոնց՝ որոնք կը ղեկավարեն այդ համակարգը։

-Իւրաքանչիւր դատաւոր անկախ է եւ չ՚ենթարկուիր ո՛չ մէկուն։ Ամէն մէկ դատաւոր բացառապէս կ՚ենթարկուի օրէնքին, իրաւունքին եւ կ՚առաջնորդուի իր համոզմունքով ու խղճով։ Դատաւորները մշտապէս կ՚անցընեն վերապատրաստումներ, կը թարմացնեն իրենց գիտելիքները, իսկ իրենց գիտելիքներու մասին ստուգումներ կ՚ըլլան։ Իւրաքանչիւր դատարանի որոշում վերադաս դատարանի կողմէ կրնայ ստուգման ենթարկուիլ։ Բայց անշուշտ որ սխալները պէտք է ուղղուին, որովհետեւ հակառակ պարագային մենք Եւրոպական դատարանի մէջ պարտութիւններ կ՚արձանագրենք։

Պէտք է ըսեմ, որ նոր Սահմանադրութեամբ Վճռաբեկ դատարանը նախկինին բաղդատած՝ ունի նշանակման համար ընտրութեան ա՛յլ կարգ, որ պիտի ապահովէ առաւել անկախութիւն, եւ անոր կը մասնակցի Ազգային ժողովը։ Ուստի շատ կարեւոր է, որ Ազգային ժողովը արտայայտէ ժողովուրդի կամքը։

-Արդեօք այսօրուան դատաիրաւական համակարգին մէջ պաշտօնէութիւնը բաւարա՞ր է, որպէսզի կարողանայ բոլոր հարցերը քննարկել եւ պատշաճ ժամանակամիջոցի մէջ վճիռներ արձակել՝ գոհացում տալով ժողովուրդի պահանջներուն։

-Ո՛չ, բաւարար չէ։ Արդիւնաւէտ կառավարման համար անհրաժեշտ է, որ 100 հազար բնակիչի հաշուարկով պետութիւնը ունենայ 21 դատաւոր։ Մեզ մօտ այդ թիւը 7 կամ 8 է, այսինքն՝ մօտաւորապէս երեք անգամ աւելի պակաս։ Իւրաքանչիւր դատաւորի վրայ սա չափազանց մեծ ծանրաբեռնուածութիւն է եւ կը յանգեցնէ գործերու քննութեան ձգձգման եւ իրաւունքներու խախտման։ Սակայն այսօրուայ մեր հնարաւորութիւնները այդքան են։

-Ինչպէ՞ս պէտք է լուծել այս հարցը։

-Պէտք է դատաւորներու թիւը աւելցնել եւ գործերու քննութեան համար պէտք է ժամանակակից թուային փորձագիտութիւններ ներդրուին, որոնք աւելի նուազ ծախսերով կ՚արագացնեն արդարադատութեան համակարգի աշխատանքը, որպէսզի դատաւորները նո՛յն թիւով կարողանան աւելի շատ գործ կատարել։ Բնականաբար դատաւորներու թիւը աւելցնելը կ՚ենթադրէ պիւճէի վրայ ծանրաբեռնուածութիւն, որովհետեւ դատաւորը պէտք է լաւ վարձատրուի, բայց նաեւ բարձր կենսաթոշակ ստանայ, ինչ որ անմիջականօրէն կ՚առընչուի այսօրուան դատաւորի աշխատավարձին։ Դատաւորը պէտք է նաեւ ունենայ գրասենեակ եւ դահլիճ՝ դատաքննութիւններ իրականացնելու համար։ Առ այդ մեր կառավարութիւնը մտադիր է աւելցնելու պետական մուտքերը եւ եկամուտերը։ Հետեւաբար այս հարցով բոլորս պէտք է աշխատինք, որպէսզի ապահովենք մարդկանց իրաւունքները։ Լաւ ապրելու համար բոլորս պէտք է ջանք թափենք։

-Նկատի ունենալով, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը առաջնահերթութիւն է պետութեան համար, բայց որպէսզի այս պարագային արդարադատութեան համակարգին մէջ դատաւորները չկաշառուին, պէտք է լաւ եկամուտով ապահովուած ըլլան։ Այսօր աշխատավարձերու յաւելումի ուղղութեամբ ի՞նչ հեռանկարներ կան։

-Մենք ընդհանրապէս համապետական լուրջ առաջնահերթութիւններ ունինք։ Մեր նուազագոյն կարիքները հոգալու համար մեր ունեցածը բաւարար չըլլալով՝ պարտք կ՚առնենք միջազգային կազմակերպութիւններէ։ Իսկ ներքին ռեզերվներու (պահեստ) վերաբաշխումը կը կատարուի ըստ անհրաժեշտութեան, ըստ գլխաւոր առաջնահերթութիւններու՝ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումը, արտաքին սպառնալիքներու դիմակայումը եւ ժողովուրդի ապահովութեան երաշխաւորումը։ Միւս կողմէ, վերաբաշխումը պէտք է այնպէս կատարուի, որ պահպանուի հաւասարակշռութիւնը։ Հետեւաբար պետական եկամուտները աւելցնելը հրամայական է բոլոր ոլորտներու բարեփոխման համար։

-Ըստ ձեզի՝ Հայաստանի մէջ դատաւորի մը անկաշառ գործելուն համար՝ ի՞նչ գումար պէտք է կազմէ անոր նուազագոյն աշխատավարձը։

-Այդ հարցը պէտք է քննարկել բոլոր աշխատավարձ ստացողներու համաթեքստին մէջ։ Այդ մէկը քաղաքական որոշման հարց է, կապուած է հայեցողութեան, եւ տուեալ պահուն քաղաքական իշխանութեան կամքի արտայայտութիւնն է՝ աւելցնել ուսուցիչներո՞ւ, բժիշկներո՞ւ, դատաւորներո՞ւ, ոստիկաններո՞ւ, թէ՞ բանտապահներու աշխատավարձը, որ համեմատաբար շատ ցած է եւ մարդիկ չեն ուզեր այդ համակարգէն ներս եւ այդքան բարդ պայմաններու մէջ աշխատիլ։ Հետեւաբար պէտք է այս ամէնը հաւասարակշռել եւ որոշում կայացնելու ատեն մտածել, թէ ո՞ր մէկը աւելցնելու պարագային կ՚օգնէ միւսներու զարգացման։

-Անդրադառնանք նաեւ փաստաբաններու կարգավիճակին։ Ներկայ դրութեամբ անոնք որքանո՞վ ազատ են եւ պաշտպանուած, որպէսզի կարողանան յաջողութիւն արձանագրել իրենց վերապահուած դերակատարութեան մէջ։

-Ես բազմիցս յայտարարած եմ, որ դատարանները առաւելութիւնը կու տան դատախազներուն, ինչ որ անթոյլատրելի է եւ կը բացայայտէ կողմնակալութիւնը։ Դատարաններու մէջ փաստաբաններու անկախութիւնը եւ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքի փոփոխութիւնը չափազանց կարեւոր է։ Այս հարցի մէջ Փաստաբաններու պալատը՝ որպէս իրաւաբանները միաւորող մարմին, կարեւոր ընելիք ունի՝ բարելաւելու համար անոնց գիտելիքները։

-Այսօր մէկը միւսի ետեւէն ազատ կ՚արձակուին քաղաքական բանտարկեալները։ Շատեր կ՚ըսէին, թէ Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալ չկայ։ Դուք ի՞նչ տեսակէտ ունիք։

-Ես արդէն ըսած էի, որ մենք քաղաքական բանտարկեալներ ունինք եւ անհասկնալի է անոնց պատիժը կամ պատիժի խստութիւնը։ Սա իմ անձնական տեսակէտն է եւ ատոր գնահատականը պիտի տայ անկախ անաչառ մարմինը, որուն մենք կը վստահինք։

-Ո՞վ է այդ անաչառ մարմինը։

-Գոյութիւն ունին միջազգային նշանաւոր կազմակերպութիւններ, որոնք տարիներու ընթացքին հեղինակութիւն վաստկած են՝ իրենց անկողմնակալութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ, ինչպէս օրինակ՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը կամ Եւրոպայի խորհուրդը։

-Ներկայ կառավարութեան ամենէն կարեւոր գործունէութիւնը կաշառակերութեան դէմ պայքարն է եւ ըստ երեւոյթին այնտեղ չկայ վրէժխնդրութիւն, չկայ հալածանք՝ ապօրինի գործողութիւններ իրագործած նախկին քաղաքական դէմքերու նկատմամբ։ Վաղեմութեան ժամկէտի առումով որքա՞ն կարելի է ետ երթալ եւ քակել կծիկը, նկատի ունենալով կառավարութեան ունեցած միջոցները։

-Վաղեմութեան ժամկէտները սահմանուած են քրէական օրէնսդրութեամբ եւ անոնք տեսականօրէն ու միջազգայնօրէն հաստատուած են։ Մենք պարտաւոր ենք պահպանել այդ ժամկէտերու սահմանը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018