ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ԼՈՆՏՈՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ՝ ՆՈՐ ԹԱՓ ՄԸ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչերի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է անգլիական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Զօհրապ Մնացականեան շնորհաւորեց Քրիստոֆըր Փինչերը նոր պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց իր կարեւոր առաքելութեան մէջ։

Մնացականեան եւ Փինչեր ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր թափ տալու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ անոնք կարեւորեցին զանազան մակարդակներու վրայ երկխօսութեան աշխուժացումը եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններու կազմակեպումը։ Որպէս համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններ՝ զրուցակիցները առանձնացուցին տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, նորարարութեան, խելացի եւ ստեղծագործ կրթութեան բնագաւառները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019