ՆՈՐ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐ

Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ Պաղտատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի Նաւթի նախարար Սամիր Էլ-Կապտանի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ օրակարգի վրայ է նոր նաւթամուղի մը կառուցման ծրագիրը։ Իրաքի քարիւղը Քերքիւքի վրայով Թուրքիոյ սահմանը հասցնող հին ուղղութեան վրայ կը նախատեսուի այս նոր խողովակաշարին կառուցումը։

Պաղտատի մէջ, Իրաքի Նաւթի նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն վերջ երկու նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ֆաթիհ Տէօնմէզ այս առթիւ յիշեցուց, որ Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ վաղուց լուրջ համագործակցութիւն մը գոյութիւն ունի ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Տէօնմէզ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ եւ Իրաքի խողովակաշարը Ճէյհանի նաւահանգիստին վրայով ունի միջազգային շուկայ բացուելու մեծ ներուժ եւ կ՚ընձեռէ համապատասխան հնարաւորութիւններ։ Իրականութեան մէջ այդ խողովակաշարը ոչ միայն Իրաքի հիւսիսէն արտահանուած քարիւղը, այլ ընդհանրապէս երկրի քարիւղը փոխադրելու համար լուրջ դեր կրնայ կատարել։

Բաց աստի, Պաղտատի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է ելեկտրական ուժանիւթի պարագային համագործակցութեան զարգացումը։ Նախարարը յիշեցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ անցեալի մէջ ելեկտրականութեան սահմանափակ առեւտուր մը տեղի ունեցած է եւ ներկայիս կողմերը կը ձգտին այդ մէկը որոշ չափով ընդլայնել։

Իր կարգին, Կապտանն ալ նշեց, որ կողմերը հասարակաց մօտեցում մը ունին՝ ելեկտրական ուժանիւթի նոր գիծ մը կառուցելու առաջադրութեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019