ՍԹԵՆՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ՅԱՅՏՆԻ ԶԷՅԹՈՒՆԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ «ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԷՋԵՐ»ՈՒ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սթենֆորտի համալսարանի հրատարակչութենէն լոյս տեսած է ամերիկահայ ակադեմական Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթենփոկի գիրքը։ Հեղինակը Գալիֆորնիայի համալսարանէն ներս կը դասախօսէ գեղարուեստական պատմութիւն։ Իր հեղինակած գիրքը կը կոչուի «Կորսուած էջեր»։ Գործը կը վերաբերի նշանաւոր Զէյթունի աւետարանի կորսուած ութ էջերուն։ Այդ աւետարանը գրի առնուած եւ նկարազարդուած է 13-րդ դարուն՝ միջնադարու մեծանուն հայ վարպատներէն Թորոս Ռոսլինի կողմէ։

Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթենփոկ այս գիրքը ձօնած է իր ընտանիքին։ Հրատարակութիւնը կատարուած է «Տոլորես Զօհրապ Լիպման» հիմնարկի աջակցութեամբ։

Հեղինակը բազմակողմանի գլուխներու մէջ մանրամասնօրէն մատուցած է նիւթը։ Գիրքը կ՚ընդգրկէ նաեւ մատենագիտութեան բաժին մը։

Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթենփոկ, որ կ՚աշխատակցի նաեւ ամերիկեան մամուլին, գիրքին մէջ այլ նիւթերու շարքին ներկայացուցած է Զէյթունի Աւետարանի հետեւած աշխարհագրութիւնը եւ անոր մուտքը՝ համաշխարհային գեղարուեստի պատմութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019