10 ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԻՒՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը կը պատրաստուի կազմակերպել գիտաժողով մը՝ Հայ Եկեղեցւոյ 20-րդ դարու նշանաւոր գործիչներուն նուիրուած։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու գլխաւորութեամբ, այս գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերի 8-ին, Լոս Անճելըսի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի համալիրէն ներս։

«Հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր գործիչները 20-րդ դարուն» խորագրեալ գիտաժողովը առիթ մը կը համարուի՝ ներկայացնելու համար վերջին մէկ դարու անուանի հոգեւոր գործիչները, անոնց կեանքի ու գործունէութեան ներկայացումով հանդերձ։ Անոնց շարքին են Խրիմեան Հայրիկը (Մկրտիչ Ա. Կաթողիկոս), Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը (Սուրէնեանց), Խորէն Ա. Կաթողիկոսը (Մուրատբէկեան), Գէորգ Զ. Կաթողիկոսը (Չէօրէքճեան), Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը (Պալճեան), Գարեգին Ա. Կաթողիոսը (Սարգսեան), Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսը, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Գարեգին Արք. Խաչատուրեանն ու Շնորհք Արք. Գալուստեանը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հայոց նախկին պատրիարք Թորգոմ Արք. Մանուկեանը։ Այս գիտաժողովի հիմնական նպատակն է՝ ներկայացնել, թէ ինչպէս Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ նոր ժամանակներուն ըլլալ սնուցող արժէք մը նոր սերունդի համար՝ նոյնպէս ցոյց տալով այն կամրջող դերը, զոր ունինք հոգեւոր սիւները անցեալի եւ մեր ժամանակներու միջեւ։

Միօրեայ գիտաժողովի աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ վերոյիշեալ «տասն հոգեւոր սիւներ»ու աւանդներուն, գրական ու գիտական վաստակին վրայ։ Անոնց մասին առանձին զեկուցումներով հանդէս պիտի գան հեղինակաւոր դէմքեր՝ հոգեւորական կամ աշխարհական։

Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանը կը տեղեկացնէ, որ գիտաժողովին զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ մշակութային յայտագիր մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019