ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անցեալ ամիս պատահած մարտերու հերոսները երէկ պարգեւատրուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ Սարտարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը։ Մասնակիցներու շարքին էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, նախարարներ, Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներ, պետական պաշտօնեաներ, բարձրաստիճան զինուորներ եւ այլ հիւրեր։

Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ յուլիսեան յաղթական մարտերով Հայաստան թեւակոխած է պատմական նոր շրջափուլ մը, ուր իր ռազմաքաղաքական, տարածքաշրջանային կշիռն ու նշանակութիւնը մեծցած են, բայց մեծցած են նաեւ մարտահրաւէրներն ու պատասխանատուութիւնը։ «Այդ պատասխանատուութիւնը մեզմէ կը պահանջէ գերմարդկային ճիգեր եւ նուիրում։ Բայց, գերմարդկայինը մեզի համար այլեւս մարդկային է, առօրէական, աշխատանքային», ըսաւ վարչապետը։

Արարողութեան ընթացքին բազմատասնեակ զինուորականներ պարգեւատրուեցան։ Անոնց շարքին Ռուբէն Սանամեանին շնորհուեցաւ ազգային հերոսի կոչում։ Բոլոր պարգեւատրեալները չմասնակցեցան արարողութեան զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուելու բերումով։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020