ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ
Իշխանական վարչախումբը սկսած է դիմել կոշտ բռնաճնշումներու՝ զանգուածային ծեծուջարդ, ձերբակալութիւններ, առեւանգումներ, անհնազանդութիւն յայտնող քաղաքացիներու դէմ ապօրինի գործողութիւններ եւ այլն։ Հասկնալի է, որ հանրային աջակցութիւն չունենալով՝ իշխանութիւնը կրնայ յենուլ միայն ոստիկանութեան կամ արտաքին որեւէ խաղացողի մը վրայ: Վերջինիս պարագային ստիպուած կ՚ըլլայ՝ որպէս փոխհատուցում, երկրին շահերը աճուրդի հանել։
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման ձեռնարկած փողոցային քանի մը գործողութիւններու տապալումը (այլ հարց, թէ որքանով գրագէտօրէն կը կառավարուէին անոնք), ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան նուաստացման փորձերը յանգեցան առ այն, որ Հայաստանի մէջ պայքարը կը կորսնցնէ իր բնականոն քաղաքական ընթացքը. բան մը, որ քաղաքական համակարգի անկայունութեան մասին ցուցանիշ մըն է՝ միանշանակ։ Բայց, նախ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ ըսել է «քաղաքական համակարգ» եւ որո՞նք են ընդդիմութեան տեղն ու դերը այդ համակարգին մէջ: Քաղաքական համակարգը ամբողջութիւնն է կուսակցական այն կազմակերպութիւններուն, որոնք երկրի կարգը կ՚ընդունին, սակայն կառավարման ոճի, մարտավարութեան ու ապագայի մասին իրարմէ տարբեր պատկերացումներ ունին։
Բնական է՝ հասարակութեան մէջ ալ պատկերացումները տարբեր են: Եւ, հետեւապէս, Սահմանադրութեան, գրուած ու չգրուած օրէնքներու շրջանակէն ներս քաղաքական պայքար կը ծաւալի, իսկ հասարակութիւնը ընտրութեանց միջոցաւ իր նախապատուութիւնը կու տայ քաղաքական որեւէ ուժի եւ տեղի կ՚ունենայ խաղաղ, օրինական իշխանափոխութիւն: Այսպիսին է կայուն քաղաքական համակարգով երկիրներուն դրուածքը:
Հայաստանի մէջ կայ կարծրացած տեսակէտ, թէ ընտրութիւններու միջոցով կարելի չէ՛ իշխանութիւն փոխել: Փորձը ցոյց կու տայ, որ իշխանափոխութիւն տեղի կ՚ունենայ կա՛մ հանրային ընդվզումներու կամ ալ՝ իշխանական ներքին յեղաշըջման միջոցով: Իսկ եթէ անոնցմէ ոչ մէկը յաջողի, ապա՝ իշխանութիւնը կը պահուի բացառապէս ուժային կառոյցներու իրագործած բռնաճնշումներու միջոցաւ, որոնց ականատեսն ենք այսօր Հայաստանի մէջ՝ տեսնելով, թէ խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւնները ինչպէս կը բախին ընդդիմութեան դէմ հետզհետէ ահագնացող ուժային գործողութիւններուն:
Առհասարակ, ընդդիմութեան երկու տեսակ կը զանազանուի. համակարգային, որուն համար գերադասելի է իշխանութեան փոփոխութիւնը ընտրութիւններու միջոցաւ եւ հակահամակարգային, որ ընդդէմ կու գայ գոյութիւն ունեցող կարգերուն՝ համարելով, որ ընտրութիւններու համակարգը խաթարուած է եւ իշխանափոխութեան պէտք է հասնիլ իշխանութեան հեռացումը պահանջող փողոցի ճնշման ընդհանրացումով։
Գործող իշխանութիւնը, սակայն, հրաժարական տալու մտադրութիւն չունի եւ աթոռը պահելու համար «կռիւ կու տայ» միաժամանակ երկու ճակատով. խորհրդարանական կամ համակարգային ընդդիմութեան դէմ կ՚օգտագործէ վարկաբեկումի, ստորնացման քարոզչութիւն, իսկ հակահամակարգային ընդդիմութեան դէմ՝ կոշտ ուժ, այսինքն, ոստիկանական ողջ զինանոցը՝ սեւ ու կարմիր պէրէթաւորներու պատժիչ խումբերով: Ազգային ժողովին մէջ համակարգային ընդդիմութեան լիակատար վարկաբեկման գործընթացն է, որ յանգեցուց «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» հակահամակարգային ընդդիմութեան ի յայտ գալուն՝ թէեւ շարժման առաջնորդը իրենց ձեռնարկը չի դիտարկեր՝ որպէս քաղաքական պայքար։
Յամենայնդէպս, Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումը ուժային պայքարի բաղադրիչ ունի եւ կը դասուի հակահամակարգային ընդդիմութեան շարքին, որուն համար գերադասելի է պայքարի ուժային տարբերակը: Նման պայքարի անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ, երբ.
ա) քաղաքական պայքարը անհնար ու անիմաստ կը դառնայ,
բ) հանրութեան մէջ կը գերակայէ այն զգացումը, թէ իշխանութիւնը արտաքին շահերու կը ծառայէ, այսինքն՝ ինքնին զաւթողական վարչակարգ մը կը ներկայացնէ:
Ընթերցողի հայեցողութեան ձգենք եզրակացութիւնը։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի