Հրայր Բազէի «100 » Լուսանկարչական ԳիրքիՆ ՇնորհանդէսԸ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կազմակերպած Հրայր Խաչերեանի «100» պատկերագիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ վերջերս:
Գրական յանձնախումբին անունով Անահիտ Պալեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց գրասէր ներկաները եւ ապա ներկայացուց հեղինակին հակիրճ կենսագրականը:
Հրայր Բազէ Խաչերեան ծնած է 1961 թուականին Լիբանան: 1984 թուականէն ի վեր հաստատուած է Գանատա: 1988 թուականին Սփիւռքի մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է արցախեան շարժման առընչուող բազմատեսակ գործունէութիւններու: Առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1992 թուականին, եւ այնուհետեւ, տարին մէկ անգամ ան կը մեկնի հայրենիք՝ սնանելու նոր աւիշով: 1993-ը կը համարուի Հրայր Բազէի վերածննդեան թուականը: Այդ տարին ան ծանր հիւանդ էր, եւ բժիշկները կեանքի շատ կարճ ժամանակ տուած էին իրեն: Բայց շնորհիւ իր հաւատքին, իր նկարագրին ու մեր հայրենիքին նկատմամբ իր բացարձակ պաշտամունքին՝ Բազէն վերապրեցաւ: Այսօր քսաներկու տարիներ անցած են այդ տխուր օրերէն, երբ Հրայր ետին ձգելով իր առեւտրականի ասպարէզը, փակելով անգամ իր հասութաբեր խանութը՝ որոշած է ապրիլ միայն Հայաստանի, Արցախի եւ Հայոց Աշխարհի լուսանկարչական վկայագրութեամբ, դառնալով՝ «Տեւական ճանապարհորդ, առանց թափառական ըլլալու»:
Տասնեօթ տարիներու աշխատանքի իբրեւ արդիւնք՝ հանրածանօթ լուսանկարիչ Հրայր Բազէի «100. 1915-2015» պատկերագիրքը կը բաղկանայ 516 էջերէ, որոնց մէջ կ՚արտացոլայ ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը:
Ճիշդ է, որ գիրքը նուիրուած է Եղեռնի 100-ամեակին, սակայն արուեստագէտը, շրջելով աւելի քան քառասուն երկիրներ, կու գայ իր շեշտը դնելու ոչ թէ կատարուած ողբերգութեան վրայ, այլ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի նուաճումներն ու պատմամշակութային հարստութիւնը՝ սկսելով 2000 տարեկան մետաղներէն անցնելով 4-րդ եւ 5-րդ դարերու եկեղեցիներէն, հասնելով մինչեւ մեր ներկան:
Հրայր իր հրաշալի այս գիրքով կը ներկայացնէ արուեստասէր ու տաղանդաւոր հայ ժողովուրդի պատմական արժէքները:
Մօտաւորապէս երկու տասնամեակներէ ի վեր Բազէն ցուցահանդէսներով, դասախօսութիւններով եւ լուսանկարներով աշխարհին կը ներկայացնէ Արցախը, Հայաստանն ու պատմական Հայաստանը: Պէտք է նաեւ նշել, թէ Հրայր այն բախտաւորներէն եղած է, որ բարձրացած է Արարատ լերան գագաթը, ի հարկէ իր ոսպնեակին ընդմէջէն մեզի ներկայացնելու այն անկիւններն ու տա-րածքները, որոնք ցարդ անծանօթ են մեզի:
Ան հրատարակած է աւելի քան տասներկու պատկերագիրքեր, որոնցմէ կարելի է յիշել «Արցախ՝ լուսանկարչական ուղեւորութիւն», «Արցախ՝ 100 լուսանկար», «Երկիր», «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» եւայլն: Իր լուսանկարները լոյս տեսած են բազմաթիւ թերթերու, գիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները բարձր գնահատեցին արուեստագէտին նուիրումն ու ցուցաբերած կիրքը մեր մշակութային կոթողներու վկայագրութեան եւ անոնց արժեւորման եւ պատշաճ ներկայացման համար իր ի գործ դրած ճիգերն ու անխոնջ աշխատանքը: Իր լուսապատկերները վաւերագրական արժէք կը ներկայացնեն, որոնց ընդմէջէն, նախ, հայ ներկայ եւ ապագայ սերունդները, եւ ապա օտարները կը ծանօթանան ոչ միայն մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, այլեւ՝ անոր տուն տուող ստեղծագործական ոգիին, անոր հանճարին, եւ անով կը զրահաւորուին պատուով դիմագրաւելու «դուրսի աշխարհը»: