ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԱՄՊԻՈՆՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր համալսարաններէն Պէօրքլիի մէջ։ Ելոյթի ընթացքին ան հանգամանօրէն ներկայացուց Ապրիլին Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած լայնածաւալ յարձակումը եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Նալպանտեան ըսաւ.
«Ապրիլին Ատրպէյճան, կոպտօրէն խախտելով 1994-1995 թուականներու հրադադարի համաձայնագրերը, նախապէս ծրագրուած լայնածաւալ յարձակում մը գործեց Արցախի դէմ՝ յարձակողական սպառազինութիւններու՝ օդուժի, համազարկային համակարգերու եւ հրասայլերու օգտագործմամբ։ Այս յարձակման զուգահեռ տեղի ունեցան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի աղաղակող խախտումներ։ Պաքուի այս արկածախնդրութիւնը մեծ վնաս հասցուց բանակցութիւններուն եւ լրջօրէն խաթարեց խաղաղ գործընթացը։
«Մենք համանախագահներուն հետ միասին ջանքեր կը գործադրենք Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած բռնութեան հետեւանքները յաղթահարելու ուղղութեամբ։ Այդ նպատակով հարկաւոր է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հանդէպ վստահութեան վերականգնումը, ինչ որ մենք կը տեսնենք ուժի կիրառումը կանխող եւ խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման նպաստող պայմաններու ստեղծման մէջ։ Սա էր Մայիսին Վիեննայի եւ Յունիսին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներուն գլխաւոր նպատակը։ Նախ եւ առաջ, հրամայական է այդ գագաթաժողովներուն ընթացքին արձանագրուած ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացումը։ Առաջին՝ 1994-1995 թուականներու եռակողմանի, անժամկէտ հրադադարի համաձայնագրերու լիակատար յարգուիլը եւ իրականացումը։ Երկրորդ՝ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան ստեղծում եւ երրորդ՝ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններուն ընդլայնումը»։
Պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն՝ Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամին, սուրիահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն, հարեւան երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, շարք մը տարածքաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ Երեւանի մօտեցումներուն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ դէպի ԱՄՆ իր այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ անոնց արդիւնքներուն։
Բաց աստի, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ ուրիշ հեղինակաւոր ամպիոնէ մը՝ Սթենֆորտի համալսարանին մէջ։ Ան համալսարանի Միջազգային հետազօտութիւններու կաճառէն ներս խօսեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. արդեօք կարգաւորումը տեսանելի՞ է» նիւթով։ Հիւրընկալ կաճառի տնօրէն դեսպան Մայքըլ Մաքֆոլ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ներկայ էին Սթենֆորտի համալսարանի դասախօսներ, գիտական աշխատակիցներ, ուսանողներ։ Եդուարդ Նալպանտեան մանրամասնօրէն ներկայացուց հիմնախնդրի ներկայ փուլը եւ հայկական կողմին դիրքորոշումը։
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ
Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Պրիւքսէլի մէջ յայտարարեց, որ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար պատանդ մնալ Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան։ Եւրոխորհրդարանէ ներս Արցախի հետ բարեկամութեան խումբին ղեկավար Ֆրանք Էնկէլի կողմէ Պելժիոյ խորհրդարանի շէնքէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին Կարէն Միրզոյեան յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը պիտի շարունակէ զարգանալ՝ նոյնիսկ հակամարտութեան կարգաւորուած չըլլալու պայմաններուն մէջ։ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ պետականաշինութեան քսանհինգ տարին անկայուն տարածքաշրջանի մէջ» խորագրեալ կլոր սեղան-քննարկման ընթացքին Միրզոյեան ընդգծեց, որ ներկայիս Արցախի ժողովուրդը ստիպուած է բառացիօրէն պաշտպանել երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղը անցեալին վերադարձնելու ուղղեալ Ատրպէյճանի անարդար փորձերու պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ իրեն, հակառակ ղարաբաղեան շարժման օրինական ու խաղաղ բնոյթին, սկիզբէն իսկ Ատրպէյճան մերժեց ամէն տեսակ երկխօսութիւն ու դիմեց սպառնալիքներու լեզուին եւ ահաբեկման քաղաքականութեան։ Այդ բոլորը հետագային պատճառ դարձան լայնածաւալ պատերազմի՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր խաղաղ բնակչութեան դէմ։ Միրզոյեան յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղ բազմիցս բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի կողմէ նոր պատերազմի բացայայտ նախապատրաստութեան մասին, սակայն միջազգային հանրութիւնը անհաղորդ մնացած է այդ զգուշացումներուն։ Ատրպէյճանի անպատժելիութիւնը պատճառ դարձած է Ապրիլի սկիզբին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման։ Ըստ Միրզոյեանի, միջազգային համագործակցութեան ընդլայնումը կարեւոր ներդրում պիտի հանդիսանայ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման։ «Հաւատացած ենք, որ եկած է ժամանակը, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը սատարէ մեր պայքարին։ Ժամանակն է ճանչնալ իրականութիւնը, որն է ազատ եւ ժողովրդավարական Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան գոյութիւնը եւ աջակցիլ անոր հետեւողական զարգացման», ըսաւ Միրզոյեան։
ԱՆԺԽՏԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու վարչութեան պետ Վահրամ Կաժոյեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի քննարկումներուն շրջագծով հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Եթէ որեւէ ազգ ունեցած է ինքնորոշման իրաւունք, ապա հայերը եւս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ունին նոյն իրաւունքը եւ ոեւէ ատրպէյճանցի պաշտօնեայ չի կրնար ժխտել անոնց այս համընդհանուր իրաւունքը», ըսաւ Կաժոյեան։