ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄԸ ԵՒՍ

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի անկայուն վիճակը։ Երէկ, հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ զոհուեցաւ զինուոր Սէյրան Սարգսեան (1998թ.)։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կը բաժնէ այս կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակ զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։ Դէպքի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար ձեռնարկուած է քննութեան։

Մօտաւոր անցեալին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով։ Յառաջիկային կը նախատեսուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ կը պատրաստուին այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Սոյն իրավիճակին մէջ Ատրպէյճան դարձեալ շփման գծին վրայ լարուածութեան տեղի կու տայ։ Երէկուան դէպքն ալ այսպիսի օրինակ մըն է։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ չէ փոխուած իր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին շուրջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ կարգաւորման գործընթացէն ներս իր երկրին դերակատարութիւնը եւ դիրքորոշման հիմքերը չեն ենթարկուած փոփոխութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2017