ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՏԱՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԻ ԹԱՏՐՈՆԻ 88-ՐԴ ԽԱՂԱՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ

Երեւանի քաղաքապետարանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի 88-րդ թատերաշրջանը այս տարի կը բացուի Սեպտեմբերի 30-ին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ըստ Պատանի թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի, առաջին ներկայացումը կ՚ըլլայ Մարիա Քլարա Մաշատուի «Փոքրիկ ուրուականը»։

«Տեւական ընդմիջումէ յետոյ Վարդգէս Պետրոսեանի «Վերջին ուսուցիչը» կրկին բեմին վրայ կ՚ըլլայ՝ նոր կազմով։ Ան Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ բեմադրուած է 2008 թուականին։ «Ներկայացումը ընկերութեան, ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու մասին է։ Արդիական է եւ այդ մասին անհրաժեշտութիւն կայ խօսելու բեմէն։ Յաջորդ տարի հաւանաբար բեմ կը վերադառնայ Րաֆֆիի «Խենթը» բեմադրութիւնը», ընդգծած է Յարութիւնեան։

Գեղարուեստական ղեկավարի խօսքով՝ ինչպէս այս, այնպէս ալ յաջորդ տարի թատրոնին մէջ կը սպասուի շարք մը նոր բեմադրութիւններու առաջնախաղերու։ «Մաշատուի «Փոքրիկ ուրուականը» ներկայացման բեմադրիչ՝ թատրոնի դերասան, Արման Միրիճանեանն է, որ այս պարագային կը հանդիսանայ նաեւ որպէս նախօրինակ երաժշտութեան եւ երգերու խօսքերու հեղինակ։ Բաւականին հետաքրքրական երաժշտական ներկայացում մը պատրաստուած է։ Բացի այդ, թատրոնին մէջ ներկայացման մը եւս փորձերը կ՚ընթանան։ Խօսքը Ազատ Շահինեանի «Իմ սիրելի փոքրիկ» գործին մասին է, որուն բեմադրիչն է Եղիշէ Խերանեան», նշած է գեղարուեստական ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան։

Խօսելով առաջին ընելիքներու մասին՝ Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ Դեկտեմբերին թատրոնի մէջ բեմ կը բարձրանայ Ամանորի հէքեաթ-ներկայացումը։

Դաւիթ Յարութիւնեան շեշտած է, որ թատրոնին մէջ որոշ բարեփոխումներ կը նախատեսուին։ «Վերանայման ենթակայ է թատրոնի խաղացանկային քաղաքականութիւնը, պէտք է լուծուին թատրոնի ստեղծագործական կազմի աղբիւրները, թեքնիկական ապահովման, արտադրական մասին առընչուող հարցեր։ Կան գաղափարներ, կապուած թատրոնի շէնքի արտաքին եւ ներքին յարդարման, լուսաւորման հետ։ Պատրաստուած է նոր տարբերանշան, նոր ոճի ազդագրեր։ Պատրաստման փուլին մէջ կը գտնուի թատրոնի պաշտօնական կայքը։ Թատրոնի ճեմասրահները եւս ենթակայ են փոփոխութիւններու, որոնք միտուած են հնարաւորինս թատերային մթնոլորտ ապահովելուն։ Ժամանակի խնդիր է, որու իրականացման համար, անշուշտ, անհրաժեշտ են գանձատրման ներդրումներ», եզրափակած է Դաւիթ Յարութիւնեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2017