ՄԱՐՏՈՒՆԻԻ ՄԷՋ ՆՈՒՌԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Մարտունի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ բարերար Գասթելլօ Մկրտչեանի օժանդակութեամբ, Հոկտեմբերի 29-ին Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ նուռի փառատօն:

Ըստ Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանի, փառատօնի ծրագիրը իր մէջ կը ներառէ նուռի վաճառք, ինչպէս նաեւ նուռի օշարակի, գինիի, հիւթի ներկայացում եւ վաճառք:

Տեղի պիտի ունենան նաեւ շարք մը մշակութային ձեռնարկներ՝ համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք:

Մարտունիի քաղաքապետը նշած է, որ փառատօնի նպատակն է խրախուսել նուռի մշակմամբ զբաղուող այգեգործները՝ վաճառելու իրենց բերքը, ինչպէս նաեւ մեծցնելու զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը շրջանի նկատմամբ:

«Որոշած ենք ամէն տարի Հոկտեմբերի վերջը, երբ կը հասուննայ նուռը, կազմակերպենք նուռի փառատօն: Պիտի փորձենք ստեղծել հարթակ, ուր հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի նուռի մշակմամբ եւ վերամշակմամբ զբաղուողներուն կազմակերպել իրենց արտադրութեան իրացումը, իրականացնել փորձի փոխանակում, գովազդել իրենց արտադրութիւնը», ըսած է քաղաքապետը եւ աւելցուցած, որ յայտերը կ՚ընդունուին մինչեւ Հոկտեմբերի 15-ը:

Բացի նուռի վաճառքէն, պիտի ըլլան նաեւ արցախեան բարիքներու տօնավաճառ, ուր պիտի ներկայացուի շրջանի գիւղական համայնքներու մէջ արտադրուած ապրանքները:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2017