ՄԵՒԼԻՒՏ ՈՒՅՍԱԼ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկ ընտրեց նոր քաղաքապետը։ Այսպէս, Մեւլիւտ Ույսալ ընտրուեցաւ Իսթանպուլի նոր գլխաւոր քաղաքապետ։ Այսպէսով ան կը յաջորդէ Քատիր Թոփպաշին, որ քանի մը օր առաջ հրաժարած էր քաղաքապետի պաշտօնէն։

Քաղաքապետական խորհուրդէն ներս տեղի ունեցած քուէարկութիւններու երրորդ փուլին Մեւլիւտ Ույսալ ապահովեց անհրաժեշտ ձայները եւ այսպէսով դարձաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ։ ԱՔ կուսակցութենէն Մեւլիւտ Ույսալի մրցակիցն էր ՃՀՓ-ական Էքրէմ Իմամօղլու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2017