ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համատեղ ջանքերը աստիճանաբար կը հասուննան՝ յոյս ներշնչելով կամ գետին պատրաստելով Սուրիոյ ներքին պատերազմին վերջ տալու ուղղութեամբ։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս տարածքաշրջանային խնդիրներ։ Էրտողան եւ Փութին առաւել չափով կանգ առին Իրաքի եւ Սուրիոյ իրադրութեան վրայ։ Փութինի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, իր աւագ խորհրդականը՝ Եուրի Ուշաքով եւ այլ բարձրասիճան պաշտօնատարներ։ Բանակցութիւններու ընթացքին Էրտողանին ընկերացան Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, այլ նախարարներ եւ նոյնպէս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Երկու նախագահներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութին յայտարարեց, որ ունեցած են անկեղծ տեսակցութիւն մը։ Կողմերը համակարծիք են, որ անհրաժեշտ պայմանները ստեղծուած են՝ Սուրիոյ ներքին պատերազմին վերջ տալու համար։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ թէ՛ Իրաքի եւ թէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պարագային համակարծիք են Թուրքիա եւ Ռուսաստան։ Ըստ իրեն, կողմերը վերահաստատած են իրենց հասարակաց կամքն ու սերտ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ Սուրիոյ ներքին պատերազմի քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ։ Էրտողանի խօսքերով՝ տարածքաշրջանէ ներս պէտք է կանխուին նաեւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ աւելի լուրջ սխալներու կատարուիլը։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ շեշտեց, որ հակառակ զանազան դժուարութիւններու արձանագրուած է կարեւոր յաջողութիւն մը։ Այս արդիւնքը ապահովուած է շնորհիւ Էրտողանի նախաձեռնութիւններուն։ «Կարեւոր պայմաններ ստեղծուած են՝ որպէսզի արիւնալի պատերազմը կասեցուի, ահաբեկիչները ամբողջութեամբ անհետանան ու մարդիկ վերադառնան խաղաղութեան», ըսաւ Փութին։

Ծանօթ է, որ Անգարա եւ Մոսկուա համակարծիք գտնուած են՝ Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ գօտիներ ձեւաւորելու գծով։

Միւս կողմէ, երէկուան շփումներուն ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ Վլատիմիր Փութին յաջորդ տարի եւս պիտի այցելէ Թուրքիա։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2017