ՆՈՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐ

Բազմաթիւ ներդրումներու արդիւնքին այս եւ յաջորդ տարիներու ընթացքին կը նախատեսուին Հայաստանի մէջ բանալ գինիի, բուստի եւ այլ թանգարաններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին արտայայտուեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։

Այս տարի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կը բացուի նաեւ 360 աստիճան վիրթիւել (զօրութենական, անշօշափելի) թանգարան։

«Նախագիծը պատրաստ է, եւ անոր շնորհանդէսը արդէն կայացած է։ Զայն ներկայացուցած ենք Հայաստանի վարչապետին։ Թանգարանը 360 աստիճան համակարգով հայ կերպարուեստի բացառիկ նմոյշները, լաւագոյն ստեղծագործութիւնները վիրթիւել հնարքներով եւ հայ դասական երաժշտութեան ուղեկցութեամբ այցելուներուն ցուցադրելու հնարաւորութիւն կու տայ։ Ներկայիս կը փնտռենք նոր գործընկերներ,  որոնց միջոցով հնարաւոր կ՚ըլլայ թանգարանը կեանքի կոչել», ընդգծեց Արմէն Ամիրեան։

Հայաստանի մէջ նախատեսուած է բանալ գինիի պատմութեան թանգարան։ Այս նպատակով շուրջ 300 հազար տոլար ներդրում կատարուած է։ Բացումը նախատեսուած է յաջորդ տարի։

Անդրադառնալով Կիւրմիի մէջ սպասուող նորութիւններուն՝ նախարարը ըսաւ. «Կիւմրիի Վարդան Աճեմեան 5 հասցէին վրայ կայ յուշարձան մը, որու մէկ մասը կը գործածուի իբրեւ մարզային գրադարան։ Կը փափաքինք վերանորոգել ամբողջ շէնքը եւ այդ կապակցութեամբ ներդրուած է 1.3 միլիոն տոլար։ Ծրագրի ճարտարապետական եւ անշօշափելի նախագիծերը պատրաստ են, սակայն դեռ ներդրումներ հարկաւոր են այս ծրագիրը իրականացնելու համար»։ Ամիրեանի խօսքով՝ կը նախապատրաստուի շէնքին մէկ մասէն ներս երկրաբանական թանգարան, իսկ միւս մասին մէջ բուստի թանգարան եւ պատկերասրահ բանալ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2017