ՇԱՀԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Պելվիւ պալատէն ներս ան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որ տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Էրտողան աւելի վերջ տեսակցեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս հանդիպումն ալ տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Էրտողան եւ Մերքէլ Պերլինի մէջ բանակցութիւններու աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ մօտաւոր անցեալին ապրուեցան լուրջ վերիվայրումներ, որոնց լոյսին տակ երէկուան այցելութեան նշանակութիւնը կը գնահատուի բարձր։ Մօտաւոր անցեալի տարակարծութիւններէն վերջ երկու երկիրներու ղեկավարութիւնները փոխանակեցին յարաբերութիւններու ներկայ փուլին շուրջ յստակ պատգամներ։ Բացի թուրք-գերմանական յարաբերութիւններէն, Էրտողան Պերլինի մէջ անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին։ Նախագահը շեշտեց Մաքսային միութեան համաձայնութիւնը արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Եւրոմիութեան տեսակէտէ։ Էրտողան կանգ առաւ նաեւ թրքահպատակներու շենկէնի գօտիէն ներս ազատ շրջագայութեան խնդրին վրայ։ Ան նշեց, որ համապատասխան չափանիշներու վերջին վեց հատը փութով պիտի լրացուի Թուրքիոյ կողմէ։

Էրտողան-Մերքէլ տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային հարցերը, մասնաւորապէս Սուրիոյ տագնապը։ Մերքէլ յատկապէս գնահատանքով արտայայտուեցաւ գաղթականներու հարցին շուրջ Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած մեծ ճիգերու մասին։ Պերլինի համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մերքէլ կարեւորեց նաեւ Թուրքիոյ կայունութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Էրտողանի այցելութիւնը հնարաւորութիւն մըն է՝ հասարակաց ծրագիրները եւ վիճելի նիւթերը աչքէ անցընելու համար։ «Շատ բան կայ, որ մեզ կը միացնէ։ Գերմանիա եւ Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր սերտ յարաբերութիւններ ունին։ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ ենք։ Շարք մը հասարակաց շահեր ունինք։ Մտածեցէք ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Սուրիոյ կացութիւնը եւ կամ գաղթի խնդիրը։ Մեր յարաբերութիւնները միեւնոյն ժամանակ կը կրեն Գերմանիոյ մէջ բնակչութիւն հաստատած միլիոնաւոր թուրքերու կնիքը։ Մեծ հաշուով մէկ կողմէ հասարակաց ռազմավարական շահ մը խնդրոյ առարկայ է՝ լաւ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար, իսկ միւս կողմէ խոր տարակարծութիւններ եւ թիւրիմացութիւններ գոյութիւն ունին այն մասին, թէ ժողովրդավարական, ազատ ու բաց հասարակութիւն մը ինչպէս կ՚ըլլայ», ըսաւ Անկելա Մերքէլ։

Պերլինի երէկուան շփումներուն զուգահեռ Մերքէլ վերահաստատեց, որ յառաջիկայ ամիս Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները գագաթաժողով մը պիտի իրականացնեն՝ Սուրիոյ ճգնաժամին լուծում որոնելու առաջադրութեամբ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2018