ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԸ ԵՐԷԿ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՊԱԽԱՐԱԿԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Ազգային մեծ ժողովը երէկ հրապարակեց համատեղ յայտարարութիւն մը։ Խորհրդարանի երդիքին տակ ներկայացուած հինգ կուսակցութիւններէն չորսը խստիւ պախարակեցին Հայաստանի զինեալ ուժերու կողմէ Ատրպէյճանի քաղաքային բնակչութեան եւ զօրքերուն վրայ կատարուած յարձակումը՝ հրադադարի եւ միջազգային իրաւունքի խախտումով։ Ըստ յայտարարութեան, սա կ՚ապացուցանէ, որ Հայաստան տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու մշտական կայունութեան հաստատման համար ամենամեծ արգելքն է։ «Մենք կը խրախուսենք Ատրպէյճանի պաշտպանութիւնը, որ կը բխի միջազգային իրաւունքի օրինական ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն եւ որու նպատակն է պաշտպանել իր ժողովուրդն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ազգային մեծ ժողովը յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստանի բռնագրաւման տակ է։ Այս անարդար բռնագրաւման վերջ տալու համար Թուրքիա կը կրկնէ իր աջակցութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի եւ ԵԱՀԿ-ի որոշումներուն յարմար ձեւով խաղաղ լուծման ուղղութեամբ։ «Կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան՝ դիրք գրաւելու Ատրպէյճանի կողքին։ Ան տուժած է Հայաստանի բռնագրաւման եւ անպատասխանատու յարձակումներուն հետեւանքով», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ ընդգծուած է, որ թուրք ազգի զօրակցութեան կամքը հերթական անգամ ամուր ձեւով կը շեշտադրուի։

Խորհրդարանի այս յայտարարութեան առընթեր, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ան կրկնեց, որ Թուրքիա իր բոլոր հնարաւորութիւններով ու սրտով պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւել։ «Հայաստանի կողմէ բռնագրաւեալ Ատրպէյճանի տարածքներու անմիջապէս լքումով տարածքաշրջանէն ներս վերստին խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն պիտի հաստատուի։ Այլեւս հաշիւ տալու ժամանակը եկած է», ըսաւ Էրտողան, որ պախարակեց Հայաստանը եւ հերթական անգամ քննադատեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները։

Հարկ է նշել, որ նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի հետ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի սաստիկ բախումները։ Աւելի ուշ Անգլիոյ եւ Գանատայի կողմէ համատեղ յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ եւ ընդգծուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը հիմնուած պէտք է ըլլայ բռնութեան բացառման վրայ։

Հայկական կողմը մինչ ահազանգ կը հնչեցնէ յաչս միջազգային հանրութեան՝ այս բախումներուն Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան շուրջ, Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ բոլոր հարթութիւններու վրայ կը հերքէ այդ բոլորը եւ քարոզչական անհիմն տուեալներ կ՚որակէ զանոնք։ Միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներ ալ ատեն-ատեն արձագանգ կը հանդիսանան Թուրքիոյ վերաբերեալ այդ տուեալներուն։ Այդ լրատուամիջոցները կը պնդեն նաեւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիայէն գրոհայիններ կ՚ուղարկուին դէպի Ատրպէյճան։ Անգարա կը հերքէ նաեւ այդ բոլորը։ Նմանատիպ պնդումներ օրակարգի վրայ բերած լրատուամիջոցներու շարքին են «Ռէօյթըրզ», «Forbes» եւ այլն։ Իսկ «BBC» հաղորդեց, որ սա լաւ ծրագրուած ատրպէյճանական յարձակում մըն է։ «Ռազմական գործողութիւնները տարածքաշրջանային հակամարտութենէն կրնան վերածուիլ աւելի լայն սպառնալիքի։ Հարաւային Կովկասը միջանցք մըն է Կասպից ծովէն դէպի համաշխարհային շուկաներ նաւթ եւ բնական կազ փոխադրող խողովակաշարներուն համար։ Ուստի, բռնութեան որեւէ ալիք կրնայ սպառնալիք հանդիսանալ համաշխարհային շուկայի տեսակէտէ», նշուած է «BBC»ի վերլուծութեան մէջ։

ՄԵԾԵՐԸ ԳՈՐԾԻ ՄԷՋ

Միջազգային եւ տարածքաշրջանային յառաջատար դերակատարները այս փուլին անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Ռուսաստան-Թուրքիա առանցքին վրայ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ստանան իրադարձութիւնները։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ տեղեկացուց, որ Անգարա եւ Մոսկուա կապի մէջ են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։ Փութինի բանբերի խօսքով՝ Քրեմլին համաձայն չէ այն տեսակէտին, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրումը դուրսէն հրահրուած է՝ Ռուսաստանի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար։ Բանբերը աւելցուց, որ անհրաժեշտութեան պարագային Փութին կապ կը հաստատէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Ռուսաստանի բարձրաստիճան ղեկավարներու իրերայաջորդ յայտարարութիւններու մթնոլորտին մէջ, Մոսկուայէն կը հնչեն նաեւ ուշագրաւ ու շատ հետաքրքրական մեկնաբանութիւններ, որոնք բազմաբնոյթ են։ Այսպէս, www.gazeta.ru կայքէջը նշեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ չեն երկարատեւ, արիւնալի հակամարտութեան մը համար։ «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ն գրեց, որ Պաքու եւ Երեւան այս փուլին կը ստուգեն Մոսկուայի չէզոքութեան կայունութիւնը։ «Քոմերսանտ» թերթն ալ ծաւալուն յօդուած մը հրապարակեց Արցախի իրավիճակին շուրջ։ Այսպէս, ներկայ պատերազմը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը հասուննար։ Առկայ պայմաններով հակամարտութեան գօտիէն ներս ապագայ իրավիճակը կախում կ՚ունենայ արտաքին խաղացողներու դիրքորոշումէն։ Արդարեւ, անոնք կրնան թէ՛ ազդել իրավիճակի սրման վրայ եւ թէ հանդէս գալ միջազգային «Հրշէջ ծառայութեան» դերին մէջ։

Ռուսական լրատուամիջոցներու առընթեր, միջազգային այլ վերլուծութիւններու մէջ ալ կը մատնանշուի, որ մանաւանդ Արցախի հիւսիսի դէպքերը լրջագոյն սպառնալիք են Ատրպէյճանի ուժանիւթակիրներուն համար։

Բախումներու մթնոլորտին մէջ, դաշտի վրայ իսկապէս անկանխատեսելի իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Երէկ, Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած երկու հրթիռ ինկաւ Իրանի տարածքը։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը այս դէպքին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։ Ըստ վերջին լուրերուն, Ատրպէյճանի մէջ հռչակուած ռազմական դրութեան պատճառով Պաքուի օդակայանի գործունէութիւնը սահմանափակուած է։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսա եւս երէկ արձագանգեց իրադարձութիւններուն։ Փարիզ հաղորդեց, որ հնարաւոր ամէն ինչ կը կատարուի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան հաստատման համար։ Քրեմլինէն հնչած առաւելագոյն զսպուածութիւններու կոչերը եկան համընկնիլ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան այս յայտարարութեան։

Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովն ալ երէկ կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցութիւններուն։ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարն ալ, իր կարգին, յայտնեց, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է միայն քաղաքական-դիւանագիտական մեթոտներով։

Մոսկուայէն հնչած տեսակէտներու շարքին ուշագրաւ էին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի եւ փոխ-նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի յայտարարութիւնները։ Անոնք նշեցին, որ Ռուսաստան կը ձգտի խաղաղութեան հաստատման բոլոր կողմերուն միջեւ եւ հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ մարտական ճանապարհով։ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ զգուշացուց, որ իրավիճակը յղի է՝ լայնածաւալ ռազմական հակամարտութեան վերածուելու վտանգին։ Ռուսաստանի Պետական տուման ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ դադրեցուի կրակը։ Բաց աստի, Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան երէկ դիմեց Վլատիմիր Փութինի՝ պահանջելով հակամարտութեան անյապաղ կասեցումը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2020