ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՌՋԵՒ ՀԱՅՈՑ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԾԱԳԵՑԱՒ

Լիբանանահայ երիտասարդներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պէյրութի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը եւ «Արեւելք» կայքէջը մանրամասնութիւններ հաղորդած են Պէյրութի մէջ, Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցին կապակցութեամբ։ «Արեւելք»ի հաղորդումներով, լիբանանահայ հազարաւոր երիտասարդներ մասնակցած են այդ ցոյցին, որ տեղի ունեցած է «Այնար» շրջանին մէջ։ Երիտասարդները երգած են Արցախի քայլերգը։ Լիբանանի իրաւապահ մարմինները Ատրպէյճանի դեսպանատան շուրջ անվտանգութեան խիստ միջոցներ ձեռք առած են։ Ցոյցին տեւողութեան, երիտասարդներու հոսքին շարունակութեան զուգահեռ՝ ստեղծուած է լարուածութիւն։ Բախումներ պատահած են ցուցարար երիտասարդներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ։ Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է՝ ցուցարարները զսպելու համար։ Եղած են նաեւ վիրաւորներ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանն ալ հաղորդեց, որ մօտաւորապէս 1500 հայ մասնակցած է ցոյցին եւ ցուցարարները փորձած են յարձակիլ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ։ Այս աղբիւրը մէջբերած է նաեւ Ատրպէյճանի կարգ մը լրատուամիջոցներու տուեալները, ըստ որոնց, ենթադրաբար՝ ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը դաշնակցականներ էին։ Ցուցարարները պայթուցիկներով լեցուն շիշեր, քարեր եւ ճայթուկներ նետած են ոստիկաններուն վրայ։ Ռատիօկայանը կը հաղորդէ, որ անվտանգութեան ուժերը թոյլ չեն տուած, որ զայրացած ամբոխը ներխուժէ դեսպանատուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2023