ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիօ (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցան Պա­քուի մէջ։ Դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան ի­րենց ձեռ­նար­կած այս հեր­թա­կան ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով միջ­նորդ­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ։ Պա­քուի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Իլ­համ Ա­լիեւ միջ­նորդ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին կրկնեց Ատր­պէյ­ճա­նի պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շումն ու այդ հի­ման վրայ պնդում­նե­րը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ կա­ցու­թեան եւ հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ փա­փաք յայտ­նած են մին­չեւ տա­րե­վերջ հան­դի­պե­լու հա­մար։ Ի­րենց վեր­ջին շփում­նե­րուն լոյ­սին տակ՝ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը նշե­ցին, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը հսկա­յա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար։ «Մենք պէտք է հաս­նինք խա­ղա­ղու­թեան՝ մեր ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ Խա­ղա­ղու­թիւ­նը եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն ալ օ­գուտ պի­տի բե­րէ», մատ­նան­շեց Ճէյմս Ո­ւոր­լիք։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը շեշ­տեց, որ ի­րեն հա­մար ան­հասկ­նա­լի են ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ուղ­ղեալ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք ի­րենց ու­ժե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ ա­մէն ինչ կ՚ը­նեն՝ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար։ «Կա­րե­ւոր են պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն քայ­լե­րը, այլ ոչ թէ մեր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք։

Ի­կոր Փո­փովն ալ Պա­քուի մէջ յոյս յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը շու­տով պի­տի հան­դի­պին։ Ո­ւոր­լիք եւ Անտ­րիօ անդ­րա­դար­ձան նաեւ փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րուն։ Այս խնդի­րը չէ լու­ծուած, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք չեն վե­րա­դար­ձած ի­րենց տու­նե­րը։ Ֆրան­սա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը նշեց, որ ի­րենք այս հար­ցը կը քննար­կեն իւ­րա­քան­չիւր հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ։ «Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէին հետ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին մենք յա­ռաջ քա­շած ենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ զո­հուած­նե­րու թիւն ու ինք­նու­թիւ­նը պար­զե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Այդ գոր­ծըն­թա­ցը կ՚ըն­թա­նայ թէ՛ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ», մատ­նան­շեց ֆրան­սա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը։

Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ներ­կա­յիս պի­տի յստա­կե­ցուին նա­խա­գահ­նե­րու հա­ւա­նա­կան հան­դիպ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Ան ը­սաւ. «Նա­խա­գահ­նե­րը պէտք է ու­ղի­ներ փնտռեն հա­կա­մար­տու­թեան հա­մա­կող­մա­նի կար­գա­ւոր­ման հա­մար, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ քննար­կեն շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը։ Այ­սօր ի­րա­վի­ճա­կը ար­մա­տա­կա­նօ­րէն տար­բեր է եր­կու տա­րի ա­ռա­ջուա­նէն։ Ա­ռա­ջին ան­գամ մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք շփման գծի վրայ ծանր հրե­տա­նիի օգ­տա­գործ­ման ու որ­պէս հե­տե­ւանք զո­հուե­ցան քա­ղա­քա­ցի­ներ։ Լա­րուա­ծու­թիւ­նը օ­րէ օր կ՚ա­ճի։ Կը կար­ծեմ՝ շատ կա­րե­ւոր է, որ նա­խա­գահ­նե­րը հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կեն լա­րուա­ծու­թեան ա­ճը»։

Ամ­փո­փե­լով ի­րենց վեր­ջին շփում­նե­րը՝ Ո­ւոր­լիք նշեց, թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին միջ­նորդ­նե­րը նա­խա­գահ­նե­րուն կոչ ուղ­ղած են՝ որ­պէս­զի ի­րենց ժո­ղո­վուրդ­նե­րը նա­խա­պատ­րաս­տեն ոչ թէ պա­տե­րազ­մի՝ այլ խա­ղա­ղու­թեան։ Ըստ Ո­ւոր­լի­քի, այս հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը սկիզբ պի­տի դնէ նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի եւ մեծ նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ տա­րած­քաշր­ջա­նի զար­գաց­ման հա­մար։ «Կը կար­ծեմ, որ մենք պար­տա­ւոր ենք յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար ա­պա­հո­վել կա­յուն ա­պա­գայ մը, եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ պէտք է կապ հաս­տա­տուի եւ ա­նոնք պէտք է սոր­վին ա­պա­գա­յին կողք կող­քի ապ­րիլ։ Հա­սուն­ցած է հա­կա­մար­տու­թեան հա­մա­կող­մա­նի կար­գա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ յա­նուն Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու անվ­տան­գու­թեան։ Ես կը հասկ­նամ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ան­հանգս­տու­թիւ­նը ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ ի վեր չի կար­գա­ւո­րուիր այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը», հա­մո­զուած է Ճէյմս Ո­ւոր­լիք։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015