ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

2015 թուա­կա­նի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով, ե­րէկ, Լոն­տո­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Այս­պէս, հա­յոց սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րը ո­գե­կո­չուե­ցան Ո­ւեսթ­մինսթ­րեան աբ­բա­յու­թեան եր­դի­քին տակ։ Պատ­մա­կան սրբա­վայ­րի կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցած է­քու­մե­նիք ո­գե­կոչ­ման միա­սնա­բար հան­դի­սա­պե­տե­ցին Լոն­տո­նի Ե­պիս­կո­պոս Ռի­չըրտ Չարթ­րըս եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Քոյր բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւս մաս­նակ­ցե­ցան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Անգ­լիոյ ար­քու­նի­քէն Ո­ւել­սի Ար­քա­յազն Չարլզ եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։

Լոն­տո­նի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Անգ­լիոյ Հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեան եւ այլ հո­գե­ւոր հայ­րեր։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին հետ էր Լոն­տո­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Սարգ­սեան, որ այս ա­րա­րո­ղու­թեան կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րած էր լուրջ ջան­քեր։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­յոց սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րու ան­մահ հո­գի­նե­րուն հա­մար մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այս ա­ղօթ­քը հնչեց նաեւ որ­պէս հրա­ւէր բա­րի կամ­քի տէր բո­լոր մար­դոց, ազ­գե­րուն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն՝ միա­նա­լու ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար ա­ղօթ­քին եւ ի­րենց ձայ­նը հնչեց­նե­լու մարդ­կու­թեան դէմ մե­ծա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թեան՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ, ա­ղօ­թե­լու աշ­խար­հի վրայ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ու պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ո­ւեսթ­մինսթ­րեան աբ­բա­յու­թեան մէջ կազ­մա­կեր­պուած ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Լոն­տո­նի Ս. Ե­ղի­շէ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բին կող­մէ։ Այս առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­րա­րո­ղու­թեան հոծ թի­ւով մաս­նա­կից­նե­րուն փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015