ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ 92 ՏԱՐԵԿԱՆ

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօր կը դառ­նայ 92 տա­րե­կան։ Ա­մէն տա­րուան նման այս տա­րի եւս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը նշուի Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի եւ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։

Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր Մեծն Ա­թա­թիւր­քի եւ իր լծա­կից ըն­կեր­նե­րու ո­գե­կոչ­ման հա­մար ալ այս օ­րը կը հան­դի­սա­նայ հեր­թա­կան շար­ժա­ռի­թը։ Ժո­ղո­վուր­դը կը վե­րա­նո­րո­գէ իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քին եւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան ճա­նա­պար­հին դեր ստանձ­նած գոր­ծիչ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տուին՝ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­նան­ջա­տե­լի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու աշ­խար­հա­վար հա­մա­կար­գի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վե­րա­նո­րոգ գի­տակ­ցու­թեան մէջ։

Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ի տօ­նը այ­սօր հան­րա­յին կար­ծի­քի բո­լոր հա­տուած­նե­րուն, ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րուն հա­մար մեծ ու­րա­խու­թեան աղ­բիւր կը դառ­նայ։ Բո­լո­րը կը հասկ­նան, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան բո­լո­րած 92 տա­րի­նե­րը կը բնո­րո­շեն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճա­նա­պար­հի յա­մառ երթ մը։ Եր­կի­րը այ­սօր եւս ու­նի ձգտու­մը այդ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ըն­թաց­քը ամ­րապն­դե­լու, նաեւ ար­գա­սա­ւո­րե­լու տնտե­սա­կան վե­րել­քով, հա­մընդ­հա­նուր բա­րե­կե­ցու­թեամբ։  Մինչ այդ, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին այս ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լեց Ա­թա­թիւր­քի յու­շա­դամ­բա­նը։ Անգարայի մէջ օրուան տեւողութեան նախատեսուած են պաշտօնական հանդիսութիւններ եւ տօնակատարութիւններ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ շեշտեց, որ ազգի անհատները հաւատի, մշակոյթի կամ արմատներու հիմքով խտրականութեան ենթարկելը խոտոր կը համեմատի Հանրապետութեան ոգիին։

ԸՆ­ԴՈՒ­ՆԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր Ան­գա­րա կ՚այ­ցե­լէ Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նին առ­թիւ։ Ան հրա­ւի­ր-ւած է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ օրուան տե­ւո­ղու­թեան։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ սոյն ըն­դու­նե­լու­թեան հրա­ւի­րուած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­լէ վերջ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վա­ղը պի­տի վե­րա­դառ­նայ քա­ղաքս։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015