ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ԱԶԱՏ
Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը, որ կը վերաբերի աշխարհի երկիրներուն մէջ համացանցի ազատութեան։ Այս զեկոյցին մէջ Հայաստան դասուեցաւ այն երկիրներու շարքին, ուր համացանցը ազատ է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 88 երկիրներու շարքին Հայաստան զբաղեցուցած է 28-րդ կարգը։
Զեկոյցին մէջ դիտել տրուած է, թէ Հայաստանի մէջ համացանցի հասանելիութիւնը շարունակաբար կը բարելաւուի, դրական փոփոխութիւններ կ՚արձանագրուին նաեւ համացանցային ենթակառուցուածքներուն մէջ։ Շեշտուած է նաեւ, թէ երկիրը չունի արգելափակեալ ընկերային ցանցեր, քաղաքական բովանդակութեամբ կայքեր կամ պլոկներ։
Զեկոյցին մէջ կարեւորութեամբ շեշտուած է, որ քաղաքացիական խումբերն ու հասարակական կազմակերպութիւնները առցանց հաղորդագրութեան միջոցները կ՚օգտագործեն տարածելու համար կոչեր եւ կազմակերպելու համար նախաձեռնութիւններ, մասնաւորապէս բողոքի ցոյցերը Երեւանի մէջ՝ ընդդէմ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման։ 2014 թուականի Յունուարէն ի վեր որեւէ բողոք չէ եղած կառավարութեան կողմէ համացանցային հասանելիութեան սահմանափակման կամ անջատումներու վերաբերեալ։
Freedom House ընդգծած է նաեւ Ատրպէյճանի հեքըրներուն կողմէ հայկական պաշտօնական կայքէջերուն վրայ կատարուած յարձակումներուն հարցերը: