«ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2016» ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՖՈՐՈՒՄԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Բա­րի գա­լուստ Հա­յաս­տան 2016» խո­րագ­րեալ զբօ­սաշր­ջու­թեան ֆո­րում մը։ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւա­ռի ներ­կան եւ հե­ռանկա­րա­յին գոր­ծե­րը։ Պե­տա­կան մար­մին­նե­րէ սկսեալ մին­չեւ մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծը՝ այս ֆո­րու­մը հա­մախմ­բեց զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւա­ռի բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին այս ո­լոր­տի զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Ֆո­րու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն առ­ջեւ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­խի­ւի եւ թան­գա­րան­նե­րու բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Տ. Ա­սո­ղիկ Քհնյ. Կա­րա­պե­տեան։ «Ար­մէն-փ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան մատ­նան­շեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ կրօ­նա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը չեն մի­ջազ­գայ­նաց­ներ կրօ­նա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան ար­տադ­րան­քը։ «Կրօ­նի մի­ջո­ցաւ, հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցաւ բազ­մա­թիւ ցա­ւոտ հար­ցեր կը գտնեն ի­րենց լու­ծու­մը», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տը այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար գրա­ւիչ է նաեւ կրօ­նա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016