ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Մինս­քի մէջ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Հարկ է նշել, որ եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը այն­տեղ մաս­նակ­ցե­ցան Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րու հա­ւա­քին։ Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի հեր­թա­կան նիս­տը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցին։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ ընդգծե­ցին, որ Հա­յաս­տան եւ Ռու­սաս­տան ի­րա­րու կա­պուած են նախ եւ ա­ռաջ դաշ­նակ­ցա­յին-ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով։ Վար­չա­պետ­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին այն քայ­լե­րը, ո­րոնք կ՚առ­նուին երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտրատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել խո­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Կարէն Կա­րա­պե­տեան եւ Տի­միթրի Մետ­վե­տեւ հա­մո­զուած են նաեւ, որ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թե­նէն ներս Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը կ՚ու­րուագ­ծէ նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ հե­ռան­կար­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016