ՍԵՆ Թ՚ԱՆԹՈՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Սեն թ՚Անթուան լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, Հոկտեմբերի 27-ին, ժամը 19.00-ին, տեղի ունեցաւ միջկրօնական հաւաքոյթ եւ աղօթքի երեկոյթ՝ «Խաղաղութեան ծարաւ» բնաբանով։ Լատին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պոլսոյ վիճակաւոր Ռուբէն Կոնզալէզի հիւրընկալութեամբ կատարուած հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին, Հրէից րաբունապետ Իսհաք Հալեւա, Մեւլանա կրթութեան եւ մշակոյթի միութեան (ՄԵՔՏԵՐ) ատենապետ Հայաթ Նուր Արթըրան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Սոյն հանդիսութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Հանդիսութեան խօսնակի պարտականութիւնը ստանձնեց Ս. Գրոց ընկերութեան տնօրէն Թամար Քարասու։ Ներկայ հոգեւորականներ կարգաւ բեմ բարձրացան եւ իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան ու աղօթեցին վասն խաղաղութեան հաստատման։ Իր կարգին, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան խօսքը առնելով անդրադարձաւ Ասսիսի քաղաքին մէջ առաջին անգամ երեսուն տարի առաջ կատարուած հանդիսութեան։ Նման հանդիսութիւն մը կրկնուած էր տակաւին ամիս մը առաջ՝ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու, ինչպէս զանազան կրօններու պատկանող գործիչներու օրինակելի գործակցութեամբ։ Ան յայտնեց թէ, միջկրօնական գետնի վրայ ամենաբարձր մակարդակով նման հանդիսութեանց կազմակերպումը խաղաղութեան նկատմամբ աշխարհի ունեցած ծարաւին ապացոյցն էր։ Այս առթիւ ան մաղթեց, որ ընդհանրապէս աշխարհի, եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի մէջ տիրէ խաղաղութեան մթնոլորտ։
Հանդիսութեանց ընթացքին եկեղեցւոյ երգչախումբը երգեց հոգեւոր երգեր։ Նաեւ իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ որպէս խորհրդանիշը խաղաղութեան մոմավառութեամբ միացաւ բարեմաղթանքներուն։