ՎԵՐՋԻՆ 500 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ
National Geographic-ը տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէս վերջին հինգ հարիւր տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բացուի Քրիստոսի գերեզմանը: Հնագէտները նշած են, որ մարմարէ սալաքարի տակ մեծ քանակութեամբ քարերեր կան:
Գերեզմանը, ինչպէս յայտնի է, կը գտնուի Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, մարմարէ գմբէթաւոր մատուռի մէջ: Ան վերականգնուած է 1809-1810 թուականներուն՝ յոյն ճարտարապետ Նիքոլայ Քոմինի նախագիծով: Այժմ այստեղ վերականգման աշխատանքներ կ՚ընթանան Աթէնքի Ազգային գիտարուեստական համալսարանի յուշարձաններու եւ շինանիւթերու պահպանման մասնագէտ Անթոնիօ Մարոփոլոյի գլխաւորութեամբ: Գիտնականները կ՚ուզեն պարզել, թէ ինչպիսի տեսք ունեցած է Քրիստոսի գերեզմանը ի սկզբանէ: