ՔԱՌԱԿՈՂՄ ՀԱՒԱՔ

Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն գագաթաժողովը, որ ձօնուած էր Սուրիոյ տագնապին։ Վոսփորի Ասիական ափի «Վահտետտին» գեղատեսիլ ապարանքին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը։ Սուրիոյ տագնապը առաջին անգամ քննարկուեցաւ այս քառակողմանի ձեւաչափով։ Գագաթաժողովին առընթեր, Էրտողան առանձնազրոյցներ ալ ունեցաւ հիւր ղեկավարներուն հետ։ Գագաթաժողովի մասնակից միւս ղեկավարներն ալ հանդիպումներ ունեցան իրարու հետ։ Չորս ղեկավարները լուսանկարուեցան Վոսփորի համայնապատկերին վրայ։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու աւարտին ալ նկարահանուեցան ձեռք ձեռքի։ Էրտողան նոյն ապարանքին մէջ ընթրիք մըն ալ սարքեց ի պատիւ իր բարձրաստիճան հիւրերուն։ Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ տագնապը այս քառակողմանի գագաթաժողովի ընթացքին ձեռք առնուեցաւ զանազան երեսակներով։ Գագաթաժողովէն վերջ հրատարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել ռազմական ճանապարհով։ Չորս ղեկավարները կոչ ուղղեցին՝ որպէսզի Սուրիոյ նոր Սահմանադրութիւնը մշակելիք կոմիտէի ըս-տեղծման գործընթացը աւարտի մինչեւ տարեվերջ։

Էրտողան յայտնեց, որ հնարաւորութիւն ունեցած են քննարկելու՝ Սուրիոյ ժողովուրդի օրինական պահանջներու ուղղութեամբ քաղաքական լուծումի մը հասնելու հեռանկարը։ Նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի չհանդուրժէ կատարուած իրողութիւններու՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով։ «Ինչպէս Եփրատի արեւմուտքին, այնպէս ալ արեւելքին՝ մեր անվտանգութեան դէմ սպառնալիքները պիտի չէզոքացնենք անոնց ծագած իսկ կէտին վրայ», ըսաւ Էրտողան։

Գագաթաժողովի մասնակից բոլոր ղեկավարները համակարծիք էին, որ Սուրիոյ մէջ այլեւս պէտք չէ պատահին մարդկային նոր աղէտներ։ Վլատիմիր Փութին նշեց, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն կրնայ հաստատուիլ՝ միայն դիւանագիտական ճանապարհով։ Էմմանիւէլ Մաքրոն դիտել տուաւ, որ ազատ ու թափանցիկ ընտրութիւններ պէտք է կատարուին՝ միջազգային դիտորդներու վերահսկողութեամբ։ Իր կարգին, Անկելա Մերքէլն ալ արդիւնաւէտ համարեց Իսթանպուլի քառակողմանի գագաթաժողովը ու նոյնպէս շեշտը դրաւ քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութեան վրայ։

Իսթանպուլի գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները անդրադարձան նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարման վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք կոչ ուղղեցին մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ որպէսզի երաշխաւորեն դէպի Սուրիա արագ, ապահով եւ  անսահմանափակ օժանդակութիւններու մուտքը։ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ճակատագիրն ալ քննարկման նիւթ դարձած է գագաթաժողովի ժամանակ։ Էրտողան այս կապակցութեամբ յայտնած է, որ Էսատի ապագան պիտի որոշուի Սուրիոյ ժողովուրդի կամքին կողմէ։ Ան աւելցուցած է, որ Էսատ Թուրքիոյ տեսակէտէ ի պատուի չէ։ Նոյն հարցին կապակցութեամբ Մաքրոնն ալ նշած է, որ Ռուսաստանին կը վստահի՝ Սուրիոյ վարչախումբին վրայ ճնշում բանեցնելու ուղղութեամբ։ Արդարեւ, Սուրիոյ վարչախումբը կը շարունակէ ապրիլ շնորհիւ Ռուսաստանի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018