ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ BREXIT-Ի ԵՐԵՔ ԱՄԻՍՈՎ ՅԵՏԱՁԳՄԱՆ

Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրները որոշեցին հաւանութիւն տալ BREXIT-ը երեք ամիսով յետաձգելու Անգլիոյ առաջարկին։ Այսպէսով Լոնտոն ԵՄ-ի կազմէն դուրս պիտի գայ 31 յունուար 2020 թուականին։

ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտնեց, որ այս որոշումը պաշտօնապէս պիտի ձեւակերպուի գրաւոր ընթացակարգով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019