ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՎԵՐԻՆ ԼԱՐՍԻ ՀԱՄԱՐ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՔԱՅԼԵՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։ Բացի նիստին մասնակցելէ, Փաշինեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին երկու վարչապետները քննարկեցին տնտեսութեան զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան եւ Մետվետեւ անդրադարձան հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային նիւթերուն։
Նիկոլ Փաշինեան Տիմիթրի Մետվետեւի հետ զրուցելու ժամանակ կանգ առաւ նաեւ Վերին Լարսի անցակէտի հարցին վրայ։ Իր խօսքով՝ Վերին Լարսի անցակէտը աշխարհագրական առումով դժուարութիւններ ունի եւ շատ լաւ է, որ Ռուսաստան կը պատրաստուի այնտեղ վերակառուցման աշխատանքներ իրականացնել։