ԷՐՏՈՂԱՆ ՓՈՒԹԻՆԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ՄԻԱՍԻՆ ԼՈՒԾԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ազգային մեծ ժողովին մէջ անդրադարձաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ նախընթաց օր ունեցած հեռախօսազրոյցին, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած էր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Այսպէս, ան առաջարկած է համագործակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ «Մենք լաւ բանակցութիւններ ունեցանք Փութինի հետ։ Մանրամասնօրէն քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ Մենք ըսինք, որ եկէք աւարտենք այս բոլորը Կովկասի մէջ, եթէ կ՚ուզէք՝ համատեղ քայլեր առնենք, խօսինք կողմերուն հետ։ Հիմա կարեւոր է յստակ որոշել, թէ կը լուծե՞նք այս խնդիրը կամ ոչ», ըսաւ Էրտողան։

Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ երէկ պարզաբանումներ հաղորդեցին նախագահներու հեռախօսազրոյցներուն առընչութեամբ, որ երկրորդն էր Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի սկիզբէն ի վեր։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Էրտողան եւ Փութին չեն քննարկած Թուրքիոյ հաւանական մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ բանակցութիւններուն։ «Սա չէ եղած օրակարգի վրայ», ըսաւ Փեսքով ու կրկնեց նախօրէին յայտարարածը, ըստ որու միայն Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան հաւանութիւն տալ՝ որեւէ այլ երկրի մասնակցութեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Անոնք հերթական անգամ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Պայրամով երէկ առանձին հեռախօսազրոյցներ ալ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երեք համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) հետ։ Ան միջնորդներուն տեղեկացուց, որ հայկական կողմը հրթիռակոծած է Ատրպէյճանի Պարտա քաղաքը։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է այդ քաղաքի թիրախաւորման վերաբերեալ՝ Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած պնդումները։ Պայրամովի երէկուան հեռախօսազրոյցները նախորդեցին Ժընեւի մէջ այսօր նախատեսուած բանակցութիւններուն, որոնց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առընթեր կը մասնակցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։

ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ հերթական յայտարարութիւններ ըրաւ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտարարեց, որ պատրաստ է Մոսկուայի մէջ առանց նախապայմաններու բանակցիլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ «Ես այդպիսի հրաւէր չեմ ստացած։ Ես բազմիցս մասնակցած եմ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպումներուն, բայց Հայաստանի մէջ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ նման հանդիպումներ չեն եղած։ Ես երբեք Հայաստանի նախորդ ղեկավարներուն հետ բանակցութիւններէ չեմ խուսափած», ըսաւ Ալիեւ, ըստ որու, կասկածի տակ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ շինիչ աշխատանք կատարելու Երեւանի ընդունակութիւնը։ Անցեալի մէջ կայացած հանդիպումները դրական գնահատելով ան աւելցուց. «Եթէ նման հրաւէր մը ըլլայ, ապա մենք ինչպէս միշտ դրական վերաբերուած ենք, հիմա ալ այդպէս կը վերաբերինք»։ Ալիեւ ընդգծեց, որ Ռուսաստան՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ, առանձնայատուկ դեր ունի կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Նոյն հարցազրոյցին ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահը խօսեցաւ նաեւ երկրի բանակի զինանոցին մասին։ Ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին Ատրպէյճան զէնք ու զինամթերք պիտի գնէ՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ պատերազմի փորձառութիւնը։ «Ես վերջերս խորհրդակցութիւն մը ունեցայ զինուորականներու հետ եւ ըսի, որ յաջողութիւններու առընթեր մենք պարտաւոր ենք վերլուծել բացթողումները։ Եւ արդէն ապագային զէնք գնելու ժամանակ հաշուի պէտք է առնենք այս պատերազմի փորձառութիւնը ու պէտք է տեսնենք, թէ ինչ պէտք է մեզի, ինչ մնացած է մեր պահեստներուն մէջ», ըսաւ Ալիեւ։

Խօսելով բանակի զինանոցին մասին՝ Ալիեւ շեշտեց, որ այդ մէկը բաղկացած չէ միայն անօդաչու թռչող սարքերէ։ Ներկայ պատերազմը, բնականաբար, իր բնոյթով շատ կը տարբերի 1990-ական թուականներու պատերազմէն։ Այսօր շատ կարեւոր գործօն կը հանդիսանան անօդաչու թռչող սարքերը։ Ատրպէյճանի բանակը մեծապէս օգտուած է Իսրայէլէն եւ Թուրքիայէն ներածած անօդաչու թռչող սարքերէն։ Ալիեւ մատնանշեց, որ բաց աստի Ատրպէյճան ունի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, գերարդիական հրասայլեր, հեռահար հրետանի եւ հրթիռներ։ Այդ ամբողջին մէջ ան առանձնացուց այն արդիական համակարգերը, որոնք արտադրուած են Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի մէջ։ 

ԹԵՀՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Միւս կողմէ, Պաքու երէկ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչին, որ շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ ներկայացնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ Թեհրանի նախաձեռնութիւնը։ Ան Իրանի կողմէ յատուկ բանագնացի կարգավիճակով մեկնեցաւ Պաքու, ուրկէ վերջ պիտի այցելէ նաեւ Երեւան, Մոսկուա եւ Անգարա։ Ըստ Արաքչիի, Թեհրանի մշակած ծրագիրը քանի մը փուլով կրնայ ապահովել կայուն խաղաղութիւն ու վերջ դնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Արաքչի Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ճէյհուն Պայրամովի, Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի եւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Խալաֆ Խալաֆովի հետ։ Մոսկուայի մօտ Իրանի դեսպան Կազեմ Ճալալի այս շրջագայութեան զուգահեռ յայտարարեց, որ Թեհրան բոլոր ջանքերը կը ներդնէ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, պատերազմը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ ինչպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այնպէս ալ ամբողջ տարածքաշրջանի տեսակէտէ։ Ան նշեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ քանիցս կապ հաստատած են իրենց պաշտօնակիցներուն հետ ու յայտնած՝ միջնորդելու պատրաստակամութիւն, տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար։ Դեսպանի խօսքով՝ արտատարածքաշրջանային ուժերու կամ ահաբեկիչներու ներկայութիւնը միայն ու միայն պիտի սրէ այս հակամարտութիւնը եւ սպառնալիք պիտի դառնայ տարածքաշրջանի անվտանգութեան համար։ Ուստի, այս տարածքաշրջանի ահաբեկչական կեդրոնի մը վերածուիլը կանխելու լաւագոյն տարբերակն է տարածքաշրջանային համագործակցութիւնը։

Ռուս քաղաքական վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասով երէկ «Ռեկնում» գործակալութեան համար մեկնաբանեց Արաքչիի ներկայ ուղեւորութիւնը՝ այդ մէկը որակելով բարդ առաքելութիւն։ Ըստ իրեն, Իրան աշխարհի միակ պետութիւնն է, որ սահմաններ ունի հակամարտութեան բոլոր երեք կողմերուն՝ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը կ՚ազդէ այդ երկրին վրայ, սակայն, առայժմ անուղղակի։ Թեհրան շատ զգայուն է իր հիւսիսային սահմաններու աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն նկատմամբ։ «Թեհրան չի փափաքիր ու պատրաստ չէ նոր պատերազմի մը ներքաշուելու։ Ան տակաւին կը զգուշացնէ Երեւանն ու Պաքուն՝ պատերազմի սարսափելի հետեւանքներու մասին եւ զսպուածութեան կոչ կ՚ուղղէ։ Սակայն, Իրանի դիւանագիտութեան աշխուժացումը կը վկայէ, թէ իր հիւսիսային սահմաններէն այն կողմ ստեղծուած իրավիճակին բերումով անհանգստութիւնը իսկապէս ծայրայեղ աստիճանի հասած է», ըսաւ Թարասով։

Այլ միջազգային աղբիւրներ ալ կը հաղորդեն, որ եթէ նոյնիսկ Արաքչիի նախաձեռնութիւնը հարիւր տոկոսով չարդարանայ, ապա վերջին հաշուով Իրան կը ձգտի ամրապնդել իր դիրքը տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020