ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 97-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 97 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակը տօնակատարութիւններուն համար կը պարտադրէ սահմանափակումներ, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն ըլլար ստուեր ածելու համար օրուայ խորհուրդին եւ անոր առթած ոգեւորութեան վրայ։

Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ իր լծակից ընկերներու ոգեկոչման համար ալ այս օրը կը հանդիսանայ հերթական շարժառիթը։ Ժողովուրդը կը վերանորոգէ իր երախտագիտական զգացումները Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին դեր ստանձնած գործիչներուն նկատմամբ։ Հանրապետութեան տօնը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի երկրի քաղաքացիները վերահաստատուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ու աշխարհավար համակարգի անհրաժեշտութեան վերանորոգ գիտակցութեան մէջ։

Հոկտեմբերի 29-ի տօնը այսօր հանրային կարծիքի բոլոր հատուածներուն, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար մեծ ուրախութեան աղբիւր կը դառնայ։ Բոլորը կը հասկնան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան աւարտած 97 տարիները կը բնորոշեն միեւնոյն ժամանակ ժողովրդավարութեան ճանապարհի յամառ երթ մը։ Երկիրը այսօր եւս ունի ձգտումը այդ ժողովրդավարական ընթացքը ամրապնդելու, նաեւ արգասաւորելու տնտեսական վերելքով, համընդհանուր բարեկեցութեամբ։

Հանրապետութեան տօնին իմաստը այս տարի եւս կը բիւրեղանայ երկրէ ներս միասնականութեան գիտակցութեան ամրապնդումով։ Ժողովուրդի բոլոր խաւերը այսօր կը ձգտին երկրէն ներս միութեան գաղափարի ամրացման։ Բոլորին հասարակաց փափաքն է, որ երկիրը զարգանայ անվտանգ, կատարելագործէ իր ժողովրդավարութիւնը եւ անոր բարօրութենէն համահաւասար բաժին վիճակի բոլորին՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու նկատմամբ նախանձախնդրութեան հասարակաց գետնին վրայ։ Այդ սկզբունքները կը համարուին այն հիմնական նախադրեալը, որով Թուրքիա բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին կեանքին մէջ։

Մինչ այդ, պետական աւագանին այսօր կ՚այցելէ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ հրապարակած է նաեւ պատգամ մը։

Նախագահ Էրտողան շնորհաւորած է Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները՝ երկրէ դուրս կամ ներս։ Ան երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ Թուրքիոյ բոլոր բարեկամներուն, որոնք կը բաժնեն Հանրապետութեան տօնի ուրախութիւնը։ Էրտողան երանութեամբ ոգեկոչած է Մեծն Աթաթիւրքն ու Անկախութեան պատերազմի բոլոր հերոսները։ Մանազկերտի յաղթանակէն մինչեւ այսօր բազում ճակատներու վրայ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը՝ հազար տարիէ ի վեր այս հայրենիքը պաշտպանելու համար նահատակուած բոլոր հերոսները նոյնպէս երանութեամբ ոգեկոչուած են նախագահին կողմէ։ Էրտողան յարգանքով ողջունած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը, որ ղեկավարած է Անկախութեան պատերազմը, 15 Յուլիսի գիշերը փառապանծ դիմադրութիւն մը ցոյց տուած է ու նուաճած՝ մարտիրոս խորհրդարանի կոչումը, մարմնաւորելով ազգի կամքը։

Ըստ նախագահ Էրտողանի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ, միեւնոյն ժամանակ, երկիրը վճռակամութեամբ կ՚ընթանայ 2023-ի նպատակներուն հասնելու ճանապարհին վրայ։ Թուրքիա ժողովրդավարութեան ու վերելքի պայքարը յառաջ մղած է՝ յաղթահարելով բազմաթիւ խոչընդոտներ։ Սա եղած է երկար ու բարդ գործընթաց մը, որու ընթացքին ազգը ետ չէ կանգնած ապագայի դատէն եւ վերանորոգած՝ իր վճռականութիւնը։ Այսօր ալ, ազգը միութեան, միասնականութեան ու եղբայրութեան մէջ, բռունցք դարձած հետամուտ է իր ապագան կառուցելու գործին։ Թուրքիա որքան որ կը մօտենայ իր նպատակներուն՝ այնքան կ՚ընդլայնին անոր դէմ հարթարուած ճակատները, կը սաստկանան յարձակումները։ Ազգին տուած ուժով երկրի ղեկավարութիւնը մի առ մի ի դերեւ կը հանէ այդ յարձակումները։ Անցեալին ոմանք փոքր միջամտութիւններով շարունակ կը բնորոշէին Թուրքիոյ ուղին։ Անոնք այսօր անհանգիստ են, որ Թուրքիա կ՚ընթանայ սեփական կամքով, սակայն իրենց խօսքերն ու շարժումները այլեւս որեւէ վաւերականութիւն չունին։ «Մեր երկիրը պիտի շարունակէ ընթանալ ըստ իր տեսլականին, սեփական օրակարգին՝ անկախ որու ինչ ըսելէն կամ ինչ ընելէն», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Հանրապետութեան հիմնադրական կամքը այս հայրենիքը ազատագրած է համաշխարհային ծրագիրները ձախողեցնելով եւ նոյն օրինակով այսօր եւս Թուրքիա վճռած է հասնելու իր նպատակներուն։ Այսօր Թուրքիա քսան տարի առաջուան բաղդատմամբ բոլոր առումներով շատ աւելի հզօր է ու շատ աւելի հաստատակամ։ Առաջ Աստուած Թուրքիա պիտի հասնի 2023-ի նպատակներուն, ինչ որ տարածքաշրջանէ եւ աշխարհէ ներս բոլորովին նոր շրջանի մը սկիզբը պիտի բնորոշէ։

Տօնական պատգամին մէջ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա համաշխարհային համակարգի ծուռ կողմերը կը մատնանշէ՝ «աշխարհ հինգէն մեծ է» կարգախօսով եւ այս կոչին արձագանգները հետզհետէ կ՚ընդլայնին։ Այսօր Թուրքիա շատ աւելի մեծ յոյսով մը կ՚ընթանայ դէպի իր երազած բարգաւաճ ապագան՝ բարեկամներուն հետ։ Պատգամի աւարտին Էրտողան Աստուծոյ աջակցութիւնը մաղթեց ու կրկնեց իր շնորհաւորութիւնները Հանրապետութեան հիմնադրութեան 97-րդ տարեդարձին առթիւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020