Շաբաթ 11, Յունուար 2025
ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ
Ստեփանակերտի ծննդատան ռմբակոծուիլը մեծ ցասում յառաջացուց հայկական կողմին մօտ։ Ստեղծուած բողոքի ալիքի մթնոլորտին մէջ ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան տեղեկացուց, որ պիտի վերականգնէ զայն։ «Կ՚ուզեմ Արցախի բնակիչները վստահեցնել, թէ անպայման Ստեփանակերտի մէջ դարձեալ պիտի կառուցենք նոր ժամանակակից ծննդատուն մը։ Այստեղ կրկին նոր կեանքեր պիտի ծնին», յայտարարեց ան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ Ստեփանակերտի ծննդատան ռմբակոծումէն վերջ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ. «Արցախի մէջ կեանքը սպաննելու ուղղեալ Ատրպէյճանի փորձերը պիտի ձախողին»։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020